image

Լոս Անճելըս. ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանը պիտի ընդարձակուի

Լոս Անճելըս. ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանը պիտի ընդարձակուի

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը կը հաղորդէ, թէ գնած է վարժարանին դիմացը գտնուող հողատարածքը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել վարժարանը ընդարձակելու ծրագիրը։

Վարժարանին յիսնամեակի սեմին, այս քայլը յատկանշական ներդրում մը պիտի ունենայ նախամանկապարտէզէն 12րդ դասարաններու ուսման բարգաւաճումը երաշխաւորելու  նպատակին, յաւելեալ դասարաններ ապահովելով արձանագրուելու իրենց կարգը սպասող աշակերտներուն։

«Այս կալուածին գնումը առիթ կու տայ մեզի աւելի ընդարձակ երազելու, եւ որակաւոր ուսում հայթայթելու աւելի մեծ թիւով աշակերտներու», յայտնեց վարժարանի ընդհանուր տեսուչ Դաւիթ Ղուկասեան։

«Մինչ կը տօնենք, վարժարանին յիսնամեակը, համալիրը ընդարձակելու այս քայլը կը հանդիսանայ մեր բարգաւաճման, նուիրումին եւ դիմադրողականութեան խորհրդանիշը», աւելցուց ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գէորգ Զօրեան։