Այս օրերուն մեզմէ շատեր կը տագնապին Հայաստանի մայր հողին շուրջ առկայ մտավախութիւններուն պատճառով։ Այսօրուան Հայաստանը, տակաւին երէկուան մեր երկիրը, եւ անկէ անդին մեր ազգին մեծ ճամբորդութեան բոլոր ճանապարհները կը ցնցուին։
Եւ այդ ցնցումներէն մարմին կ՚առնեն նոր հարցադրումներ։
Ի վերջոյ ո՞ւր ենք մենք այսօր եւ ո՞ւր է մեր պատկանելիութեան հողն ու երազը։
Հողը, որուն ակնարկեցինք այսօրուան Թուրքիոյ մեծ քարտէզին վրայ բացուած մեր անցեալի օճախներուն յառաջանքն է, որ կը սպասէ մեր արձագանգին։
Այս բոլորին մասին իր դիտարկումները կատարած է մեկնաբան՝ Սագօ Արեանը, որ նաեւ կը հաւատայ, որ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ ցանկացած հայկական հետք ու տեղանք յոյսի պատուհան պէտք է ըլլայ մեզի համար։
Պահելու համար մեծ վերադարձի երազը եւ իրական իմաստները։
Մնացեալը՝ տեսանիւթով։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն բաժանորդագրուիլ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։