«Այսօր մենք կրնանք գոհունակութեամբ արձանագրել, որ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն կ'իրականացուին: Համոզուած ենք, որ այդ անհրաժեշտ նախադրեալներ կը ստեղծէ հինցած հակամարտութեան արդար հիմքով երկարաժամկէտ եւ լայնամաշտապ լուծման համար` ի շահ ինչպէս հայ, այնպէս ալ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն»,- ըսած է Ռուսաստանի ղեկավարը:
Փութինը նաեւ յիշեցուցած է այն մասին, թէ ինչպէս կը նախապատրաստուէր փաստաթուղթը. «Մենք անընդհատ կապի մէջ էինք ձեզի հետ, միասին փոխզիջում կը փնտռէինք: Մեր համատեղ ջանքերու շնորհիւ՝ աշխոյժ, նաեւ, ինչպէս կը յիշէք, գիշերային հեռախօսազրոյցներէն ետք համաձայնեցուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւնը, որ մենք ձեզի հետ ստորագրեցինք»:
ՌԴ նախագահը նաեւ շեշտած է, որ Ռուսաստանն իր բոլոր գործողութիւններուն մէջ կը ձգտէր հետեւիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ձեռք բերուած հիմնական կէտերուն: «Մենք կը շարունակենք պարբերաբար համեմատել գործընկերներու հետ... մեր գործողութիւնները»,- աւելցուցած է ան: