image
Հրատապ լուրեր:

Վ. Փութին պատմած է Ղարաբաղեան հիմնախնդրի համաձայնագրի իրականացման մասին

Վ. Փութին պատմած է Ղարաբաղեան հիմնախնդրի համաձայնագրի իրականացման մասին

 

Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ համաձայնագիրը հետեւողականօրէն կ'իրականացուի, սա անհրաժեշտ նախադրեալներ կը ստեղծէ հինցած հակամարտութեան արդար հիմքով երկարաժամկէտ եւ լայնամաշտապ լուծման համար: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

 

«Այսօր մենք կրնանք գոհունակութեամբ արձանագրել, որ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն կ'իրականացուին: Համոզուած ենք, որ այդ անհրաժեշտ նախադրեալներ կը ստեղծէ հինցած հակամարտութեան արդար հիմքով երկարաժամկէտ եւ լայնամաշտապ լուծման համար` ի շահ ինչպէս հայ, այնպէս ալ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն»,- ըսած է Ռուսաստանի ղեկավարը:

Փութինը նաեւ յիշեցուցած է այն մասին, թէ ինչպէս կը նախապատրաստուէր փաստաթուղթը. «Մենք անընդհատ կապի մէջ էինք ձեզի հետ, միասին փոխզիջում կը փնտռէինք: Մեր համատեղ ջանքերու շնորհիւ՝ աշխոյժ, նաեւ, ինչպէս կը յիշէք, գիշերային հեռախօսազրոյցներէն ետք համաձայնեցուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւնը, որ մենք ձեզի հետ ստորագրեցինք»:

ՌԴ նախագահը նաեւ շեշտած է, որ Ռուսաստանն իր բոլոր գործողութիւններուն մէջ կը ձգտէր հետեւիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ձեռք բերուած հիմնական կէտերուն: «Մենք կը շարունակենք պարբերաբար համեմատել գործընկերներու հետ... մեր գործողութիւնները»,- աւելցուցած է ան: