image

Մեր մզկիթներուն մէջ կրկին ազան կը հնչէ. Փաշազատէն Հռոմի պապին պատմած է Ատրպէյճանի «յաղթանակ»ին մասին

Մեր մզկիթներուն մէջ կրկին ազան կը հնչէ. Փաշազատէն Հռոմի պապին պատմած է Ատրպէյճանի «յաղթանակ»ին  մասին

Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ ալ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն յայտարարած է, որ  Հռոմի պապ Լեւոն XIV-ի հետ զրոյցին պատմած է Ատրպէյճանի «յաղթանակի» մասին:

«44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանը ցուցաբերեց այնպիսի հերոսական քաջութիւն, որ այսօր ամբողջ աշխարհը կ՚ուզէ դասեր քաղել այս փորձէն։ Մենք պարտական ​​ենք մեր նահատակներուն եւ վեթերաններուն եւ երբեք պէտք չէ մոռնանք անոնց։ Ազանը կրկին կը լսուի մեր մզկիթներուն մէջ»,-ընդգծած է Փաշազատէն:

Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 1-ին Վատիկան կատարած այցի ընթացքին Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ ալ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն հանդիպած է Հռոմի պապ Լեւոն XIV-ի հետ: