image

Եթերային երազ

Եթերային երազ

Եթերային երազ

Տեսնեմ քե՛զ հոգւոյս աչքերով

Թէկուզ անյայտ ու անկերպար,

Անհասանելի ու հեռաւո՜ր,

Որպէս մասնիկ մը տիրական

Էութենէս իմ անբաժան...:

Այս եռացող ժխոռը թէժ

Ու շուարումի քաոսը դառն

Շոգիանար ուրուականի պէս 

Երազած իմ պատկերիդ մէջ։ 

Խաղաղութեամբ լիանայինք

Թեւածող աստղերու պէս

Անհունին հետ աննիւթեղէն

Եթերային կապոյտէն վեր։

Հոն երազը հագնէր կերպար

Հասանելի ու անբաժան

Էութեանս հետ նոյնացած,  

Էութեանդ մէջ ամբողջացած:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...