image

Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի այցելութիւնը՝ Օհաննէսեան Ազգային Վարժարան

Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի այցելութիւնը՝ Օհաննէսեան Ազգային Վարժարան

Թարգմանչաց տօնին եւ նոր ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին առիթով, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2026-ին այցելեց Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ եւ ծանօթացաւ վարժարանի կրթական գործունէութեան՝ իր հայրական խօսքով քաջալերելով աշակերտութիւնն ու կրթական մշակները։

 Ստորեւ այդ մասին Թեմի պաշտօնական  էջին տարածած հաղորդագրութիւնը՝

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Արք․ Սարգիսեանը, Շաբաթ 10 Հոկտեմբեր 2026-ին այցելեց Օհաննէսեան Ազգ․ Միօրեայ Վարժարանը եւ հանդիպում ունեցաւ աշակերտութեան հետ։

Այցելութիւնը սկիզբ առաւ Շարժայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս ուր սրբազան հայրը առիթը ունեցաւ աշակերտներուն հետ զրուցելու Թարգմանչաց տօնի մասին ինչպէս նաեւ եկեղեցի յաճախելու եւ հաղորդութիւն ստանալու կարեւորութեան մասին, աշակերտներուն բացատրելով աղօթքի եւ անոր ներկայութեան կարեւորութեան քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքէն ներս․ ապա՝ աշակերտները առիթը ունեցան վերամուտին առիթով հաղորդութիւն ստանալու եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Արամ Աւագ․ Քհնյ․Տէյիրմէնճեանի ձեռամբ։

Սրբազան հայրը նաեւ առիթը ունեցաւ այցելելու դասարանները եւ մօտէն ծանօթանալու աշակերտութեան դասապահներուն եւ անոնց ուսումնական ծրագրին։ Սրբազան հայրը գնահատելով հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կամաւոր աշխատանքը անոնց բարի եւ յաջող ուսումնական տարի մաղթեց, յայտնելով Ազգ․ Առաջնորդարանի եւ Ազգ․ Վարչութեան մնայուն զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը անոնց նուիրական ծառայութեան։

Այցելութեան աւարտին վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը Թարգմանչաց տօնին առիթով շնորհաւորեցին սրբազան հօր անուան տօնը։

 

 

Դիւան Ազգ․ Առաջնորդարանի