image

Ծանր Ոճրագործութիւն Երեւանի Մէջ

Ծանր Ոճրագործութիւն Երեւանի Մէջ

Հայաստան-  Ծանր ոճրագործութիւն մը յայտնաբերուած է Երեւանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ News.am    կայքը, որուն թղթակիցին հաղորդմամբ  կացինահարուած երիտասարդի մը դին   յայտնաբերուած է վերջինիս  Մալաթիա- Սեբաստիա շրջանի     Մեծարենցի անուան փողոցին վրայ գտնուող բնակարանին մէջ: Նշենք, որ  սպաննեալ  երիտասրադը կը կոչուի  Վլատիմիր  Կարապետեան եւ 25    տարեկան է:    Կարապետեանի դին  յայտնաբերուած է  անոր մօր կողմէ եւ վերջինս   տեղեկութիւնը փոխանցած է  պատկան մարմիններուն: Գործին առընթեր   կը կատարուի յետաքննութիւն: