Հայաստան- Ծանր ոճրագործութիւն մը յայտնաբերուած է Երեւանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ News.am կայքը, որուն թղթակիցին հաղորդմամբ կացինահարուած երիտասարդի մը դին յայտնաբերուած է վերջինիս Մալաթիա- Սեբաստիա շրջանի Մեծարենցի անուան փողոցին վրայ գտնուող բնակարանին մէջ: Նշենք, որ սպաննեալ երիտասրադը կը կոչուի Վլատիմիր Կարապետեան եւ 25 տարեկան է: Կարապետեանի դին յայտնաբերուած է անոր մօր կողմէ եւ վերջինս տեղեկութիւնը փոխանցած է պատկան մարմիններուն: Գործին առընթեր կը կատարուի յետաքննութիւն: