Կիրակի 13 Ապրիլ 2025–ին, Ա.Մ.Էմիրութեանց՝ Շարժայի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուած է Ծաղկազարդի տօնը։
Ս. եւ Անմահ պատարագը մատուցած է Ա.Մ.Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, իսկ Ապու Տապիի մէջ Պատարագը մատուցեց Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանը։
Ստորեւ «Արեւելք» ի մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսենք Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը:
Կիրակի 13 Ապրիլ 2025–ին Ա.Մ.Էմիրութեանց՝ Շարժայի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ծաղկազարդի տօնը։
Ս. եւ Անմահ պատարագը մատուցեց Ա.Մ.Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, իսկ Ապու Տապիի մէջ Պատարագը մատուցեց Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանը։
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ մանուկները եկեղեցւոյ շունչով մեծցնելու կարեւորութեան մասին, զգուշացնելով ներկայ ընկերութեան շրջապատը վտանգող քրիստոնէական սկզբունքներէն դուրս երեւոյթներուն մասին: Քարոզին մէջ ըսաւ՝ «մեր մանուկները պաշտպանելու ու պահպանելու համար անհրաժեշտ է որ մեծնան քրիստոնէական դաստիարակութեամբ իրենց փոքր հասակէն, որպէսզի ապագային բոլոր երեւոյթներուն դիմաց կարենան կանգուն հաւատքով պայքարիլ հեռու մնալով բարոյական անկումներէն»:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մանուկներու թափօրը:
Այս առիթով Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս ընդունեց մանուկները եւ անոնց բաժնեց Թաղական խորհուրդի կողմէ պատրաստուած նուէրները։