image

Տիարպէքիր. Թուրք Ընդդիմադիր Առաջնորդը Թահիր Էլչիի Պարագաներուն Ցաւակցեցաւ

Տիարպէքիր.  Թուրք Ընդդիմադիր  Առաջնորդը Թահիր Էլչիի   Պարագաներուն Ցաւակցեցաւ

Տիարպէքիր- («Թուտէյզ Զաման»-  Պոլիս)  Թուրքիոյ  երկրորդ քաղաքական ուժի՝ «Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան» (CHP)   առաջնորդ Քէմալ Քըլըչտարօղլու  երէկ Տիրապէքիր այցելեց: Այս մասին գրող «Թուտէյզ Զաման»ը  նաեւ կը յայտնէ, որ Քըլըչտարօղլու Տիարպէքիրի մէջ ցաւակցութիւն յայտնած է քաղաքի փաստաբաններու պալատի  նախագահ Թահիր Էլչիի մահուան կապակցութեամբ: Քըլըչտարօղլու այս առթիւ լրագրողներուն հետ խօսելով յայտարարած է, որ արագօրէն պէտք է պարզուին    մարդկային  իրաւանց քիւրտ պաշտպանին մահուան հանգամանքները եւ   յանցագործները   դատարան ներկայացուին: Ընդդիմադիր թուրք առաջնորդը նաեւ ըսած է, որ Թահիր Էլչի մեծ մարդասէր մըն էր, որուն    սպաննութեան հանգամանքները արագօրէն  պէտք է պարզուին: