image

Թովմաս առաքեալ անհաւա՞տ էր

Թովմաս առաքեալ անհաւա՞տ էր

Թովմաս առաքեալ չտեսաւ այդ փոփոխութիւնը եւ ատոր համար չհաւատաց: Եւ Քրիստոս ութերորդ օրը միա՛յն Թովմասին համար չեկաւ, այլ` առաքեալներուն, որպէսզի անոնք եւս հասկնային յարութեան զօրութիւնը եւ զայն ունենային իրենց կեանքին մէջ: Այսօր ալ շատ մը անհաւատներ, աղանդաւորականներ եւ այլ կրօններու պատկանող անձեր չեն հաւատար մեր տուած աւետիսին, որովհետեւ մեր մէջ յարութեան լոյսը չեն տեսներ, փոփոխութիւն մը չեն նշմարեր: Ուրեմն մենք պէտք է աշխատինք այդ լո՛յսը ունենալու համար, որպէսզի իրապէս մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը ըլլայ, նոր բան մը ըլլայ. ո՛չ միայն որպէսզի ուրիշին փաստենք, որ մենք յարուցեալ Քրիստոսին կը հետեւինք, այլեւ մենք մեզի փաստենք, որ նորութիւն մը մտաւ մեր կեանքին մէջ, նորոգուեցանք:

 

Ս. Յարութեան յաջորդող առաջին կիրակին մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն կողմէ սահմանուած է` իբրեւ Նոր կիրակի կամ Կրկնազատիկ: Մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները յիշեալ անուանումներուն վրայ կ՛աւելցնեն Թովմայի կամ Թովմասի կիրակի անուանումը: Հայ եկեղեցւոյ ս. հայրերը այս անունը ո՛չ այդ օրուան համար եւ ո՛չ ալ տարուան միւս կիրակիներուն համար կը գործածեն: Այս անուանումը կու գայ Յոյն եկեղեցիէն: Մեր Նոր կիրակին յոյներուն քով Քրիստոսի յարութեան կամ Զատիկի կիրակին է, որ նաեւ Թովմայի կիրակի կը կոչուի: Յոյներ այս անունը կու տան, «որովհետեւ   [յոյներուն մօտ] այդ օրուան Աւետարանը կը պատմէ յարութենէն ետք երեւցող Յիսուսին հանդէպ Թովմաս առաքեալին թերահաւատութիւնը, ապա` անոր զղջումը» (Կռանեան, Անդրանիկ ծ. վրդ., «Հայ ծիսական պաշտամունքը», էջ 61-62): Մեր ժողովուրդը այս անուանումը որդեգրած է Աւետարանին հետեւելով: Աւետարանը մեզի կը յայտնէ, թէ Քրիստոս իր յարութենէն ետք առաջին անգամ Թովմաս առաքեալին երեւցաւ իր յարութեան ութերորդ օրը (տե՛ս` Յհ 20. 26): Եթէ հաշուենք յարութենէն մինչեւ Նոր կիրակի երկարող օրերը, պիտի տեսնենք, թէ ութ օրեր են: Հոս յստակ կը դառնայ, որ մեր ժողովուրդը միայն «հալած իւղի պէս չէ կլլած» յոյներուն տօնը, այլ զայն ընդունած ու որդեգրած է Աւետարանին հետեւելով: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ անցեալին մեր ժողովուրդը լաւատեղեակ էր Աստուածաշունչ մատեանէն:

Քրիստոս յարութեան առաջին օրը առաքեալներուն երեւցաւ, Թովմաս առաքեալ հոն չէր: Երբ Թովմաս վերադարձաւ վերնատուն, առաքեալները իրեն յայտնեցին, որ Տէրը երեւցաւ իրենց,  սակայն Թովմաս չհաւատաց: Այս իսկ պատճառով մենք Թովմաս առաքեալը կը ճանչնանք իբրեւ  թերահաւատ, կասկածամիտ եւ անհաւատ անձ մը:

Իրականութեան մէջ Թովմաս առաքեալը անհաւատ չէր: Միւս առաքեալներն ալ միայն տեսնելէ ետք հաւատացին: Օրինակի համար, երբ Մարիամ Մագդաղենացին եկաւ եւ Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալներուն յայտնեց, թէ գերեզմանը պարապ է, եւ Յիսուս յարութիւն առած է, առաքեալները չհաւատացին, գացին մինչեւ գերեզման, ստուգեցին եւ ապա հաւատացին (Յհ 20. 1-10): Աւետարանական այս հատուածին մէջ կարեւոր համար մը կայ, որ կ՛ըսէ. [Պետրոս եւ Յովհաննէս] Տակաւին չէին հասկցած Սուրբ գիրքերուն խօսքը, որուն համաձայն, պէտք էր որ ան  (Յիսուս) մեռելներէն յարութիւն առնէր» (20. 9): Ուրեմն Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները տակաւին չէին հասկցած եւ, աւելի ճիշդ, չէին հաւատացած, որ Քրիստոս կրնայ յարութիւն առնել: Հոս կրնայ ընթերցողին մտքին մէջ հետեւեալ հարցումը ծագիլ. եթէ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները Մարիամ Մագդաղենացիին աւետիսին չհաւատացին, ինչո՞ւ մինչեւ գերեզման գացին: Առաքեալները գերեզման գացին անձնական պատճառներով: Պետրոս առաքեալ գերեզման գնաց, որովհետեւ երեք անգամ ուրացած էր Տէրը (Մտ 26. 57-58, 69-75, Մր 14. 53-54, 66-72, Ղկ 22. 54-62 եւ Յհ 18. 12-18. 25-27), եւ ինչպէս Աւետարանը կը յայտնէ, դուրս ելլելով` դառնագին լացած էր (Ղկ 22. 62): Ուրեմն այդ արարքը մեծապէս խռոված էր անոր հոգին: Պետրոս կ՛ուզէր բան մը ընել, որպէսզի իր կատարած մեղքը քաւէր, իր տառապող հոգին ու խիղճը հանգստացնէր: Առաքեալը այս նպատակով գերեզման գնաց: Յովհաննէս առաքեալ Աւետարանին մէջ ճանչցուած էր իբրեւ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը (Յհ 13. 23, 19. 26, 20. 2): Կասկածէ վեր է, որ երբ մէկը անձ մը սիրէ, չ՛ուզեր անոր ներկայութենէն զրկուիլ, նոյնիսկ երբ իր աչքերով տեսնէ իր սիրելիին մահը, տակաւին իր ենթագիտակցութեան մէջ չի հաշտուիր իրականութեան հետ:  Երբ Յովհաննէս առաքեալ լսեց, որ իր սիրելի ուսուցիչը ողջ է, չէ մեռած, թէեւ չհաւատաց, բայց իր սէրը զինք գերեզմա՛ն առաջնորդեց:

Միւս առաքեալները եւս սկիզբը չհաւատացին: Ղուկաս աւետարանիչ յստակ կերպով կը յայտնէ, որ երբ իւղաբեր կիները, որոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան, Յակոբոսի մայրը` Մարիամը եւ Քրիստոսի ընկերակցող միւս կիները, վերնատուն գալով` Քրիստոսի յարութիւնը աւետեցին, «Առաքեալները ցնդաբանութիւն համարեցին անոնց պատմածները եւ չհաւատացին» (Ղկ 24. 11): Առաքեալները հաւատացին միայն ա՛յն ժամանակ, երբ Քրիստոս երեւցաւ իրենց վերնատան մէջ (Մտ 28. 16-20, Մր 16. 14-18, Ղկ 24. 36-49, Յհ 20. 19-23 եւ Գրծ 1. 6-8): Ուրեմն Թովմաս առաքեալը մեղաւոր չէր, անհաւատ չէր, կասկածամիտ չէր, որովհետեւ եթէ իր փոխարէն ուրիշ առաքեալ մը ըլլար, հաւանաբար նոյն վերաբերմունքը եւ մօտեցումը  ունենար:

Թովմաս առաքեալ իր ընկերներուն չհաւատաց, որովհետեւ անոնց մէջ Աստուծոյ շնորհը, Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը եւ փոփոխութիւն մը չտեսաւ: Եթէ ոեւէ մարդ յարուցեալ Քրիստոսը տեսնէ, իր կեանքը ամբողջութեամբ կը  փոխուի, չի կրնար նոյն մարդը մնալ: Մարդուն դէմքէն, վարուելակերպէն եւ խօսած ձեւէն յայտնի կը դառնայ, թէ իր մէջ բան մը փոխուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Թովմաս առաքեալ իր ընկերներուն մէջ չտեսաւ այդ փոփոխութիւնը: Ճիշդ է, որ առաքեալները ներշնչուած եւ  ոգեւորուած էին, բայց անոնց մէջ փոփոխութիւն մը չկար: Անոնք նոյնիսկ վերնատունէն դուրս չէին ելած, որովհետեւ տակաւին մարդոցմէ եւ մանաւանդ հրեաներէն կը վախնային:

Այս գաղափարը աւելի լաւ հասկնալու համար գանք մեր օրերուն: Անցեալ շաբաթ Քրիստոսի յարութիւնն էր, եւ մենք մինչեւ այսօր զիրար կ՛աւետենք` ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: Բայց եթէ անկեղծ ուզենք ըլլալ, մենք զայն կը կատարենք, որովհետեւ աւանդութիւն է կամ բարեւելու ձեւ մըն է: Թերեւս կը մտածենք, որ եթէ չըսեմ, դիմացի անձը կրնայ նեղանալ կամ զարմանալ: Այս ողջոյնը կու տանք եւ մեր առօրեայ նիւթերուն կ՛անցնինք, մեր սովորական կեանքին: Այս մէկը կը նմանի «յանուն Հօր եւ Որդւոյ»-ին եւ «այժմ եւ միշտ»-ին, որ հոգեւորականը պէտք է անպայման ըսէ քարոզը սկսած եւ աւարտած ժամանակ: Այո՛, ճիշդ է, որ հոգեւորականը պէտք է ըսէ, բայց նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, թէ ան իր խօսքին մէջ ի՛նչ կ՛ըսէ:  Մեր այսօրուան ըսած աւետիսը պարզապէս այս տօնական օրերուն ոգեւորութիւնն ու ներշնչումն է: Ծնունդին ալ իրարու ըսինք` «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», բայց արդեօք ի՞նչ փոխուեցաւ մեր կեանքին մէջ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ Ս. Յարութիւն:

Թովմաս առաքեալ չտեսաւ այդ փոփոխութիւնը եւ ատոր համար չհաւատաց: Եւ Քրիստոս ութերորդ օրը միա՛յն Թովմասին համար չեկաւ, այլ` առաքեալներուն, որպէսզի անոնք եւս հասկնային յարութեան զօրութիւնը եւ զայն ունենային իրենց կեանքին մէջ: Այսօր ալ շատ մը անհաւատներ, աղանդաւորականներ եւ այլ կրօններու պատկանող անձեր չեն հաւատար մեր տուած աւետիսին, որովհետեւ մեր մէջ յարութեան լոյսը չեն տեսներ, փոփոխութիւն մը չեն նշմարեր: Ուրեմն մենք պէտք է աշխատինք այդ լո՛յսը ունենալու համար, որպէսզի իրապէս մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը ըլլայ, նոր բան մը ըլլայ. ո՛չ միայն որպէսզի ուրիշին փաստենք, որ մենք յարուցեալ Քրիստոսին կը հետեւինք, այլեւ մենք մեզի փաստենք, որ նորութիւն մը մտաւ մեր կեանքին մէջ, նորոգուեցանք:

 

Առաքել Աբղ. Գատեհճեան

«Ազդակ»