Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Որքա՜ն դժուար է ցաւը, հիւանդութիւնը թաքցնել սրտին մէջ ու փարած մնալ կեանքին, ամրօրէն կառչիլ օրերուն, որոնք չես գիտեր թէ ե՞րբ պիտի հասնին աւարտին, քեզ ե՞րբ վերջնականօրէն պիտի փրցնեն կեանքէն ու պիտի դարձնեն յաւերժի ճամբորդ։ Այդպիսին էր՝ նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Թովմասեան։
Ամբողջ համայնքը կը սգայ իր մահը, ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն մէջ ամենուրեք իր մասին գրառումներ են, զանազան հաստատութիւններու անունով վշտակցական գիրեր, յիշատակներ, զանազան առիթներով՝ լուսանկարներ, որոնք հիմա այլեւս թանկագին մասունքներ են Թովմասեան ընտանիքի ու հարազատներու համար։
Համայնքային լայն շրջանակներու համար եզակի անձ էր, բարեկամ ու ընկեր, գործիչ՝ որու կեանքի վերջին տարիները արգասաւորուեցան յատկապէս «Արաս» հրատարակչատունէն ներս օգտաշատ եւ կենսական աշխատութիւններով։
Ծնած էր 1949ին, Ետիգուլէ թաղին մէջ։ Ծնողները՝ Պետրոս եւ Մարի Թովմասեաններ զինքը հասցուցին որպէս աւանդապաշտ եւ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ անձ մը։ Եդուարդ Թովմասեան դեռահասութեան տարիներէն շրջապատուեցաւ մշակութային հարուստ միջավայրով մը, որոնք մեծ ազդեցութիւն գործեցին իր կեանքի վրայ։
Նախակրթութիւնը ստացաւ Ետիգուլէ-Սամաթիա, Անարատ Յղութիւն վարժարանի մէջ, իսկ 1958ին ընդունուեցաւ Ս. Խաչ Դպրեվանք, որ հիմնուած էր Անատոլուի մէջ մնացած հայ ընտանիքներու զաւակներուն հայերէն կրթութիւն ապահովելու նպատակով։ Ուսման տարիները մեծ դեր ունեցան իր անհատականութեան ձեւաւորման մէջ։ Դպրոցական տարիներուն է որ ստացաւ «Թոմօ» ծածկանունը (որ իր մականունի կրճատուած ձեւն էր) եւ զայն կրեց ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի շնորհիւ ծանօթացաւ կրօնական կեանքին, իսկ շրջանի երիտասարդութեան զանազան հոսանքներու պատճառով՝ ձախակողմեան գաղափարներու։
Միջոց մը որպէս ուղեցոյց ուսուցիչ աշխատեցաւ Հալըճըօղլու Ներսէսեան վարժարանի մէջ, եղաւ Գնալըի Կազդուրման Կայանի տնօրէն։ Լիսէէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, միջոց մը գիշերօթիկ դրութեամբ կրթութիւն ստացաւ Պատրիարքարանի Ընծայարանի մէջ, եղաւ Շնորհք Պատրիարքի թիկնապահը (քաւաս)։ Իսթանպուլի համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի դասական լեզուներ ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, սկսաւ ուսուցչագործել համայնքի զանազան վարժարաններու մէջ։
1968ին կեանքը միացուց ուսուցչուհի Փայլինէ Թովմասեանի հետ։ Երկուքը միասին աշխուժօրէն մասնակցութիւն բերին համայնքային կեանքին, մասնակցելով Սայաթ Նովա երգչախումբի, թատրոններու ու պարախումբերու գործունէութեան։
Մտերիմ ընկերոջ՝ Խաչիկ Աբէլեանի հետ միասին հիմնեց «Թեքնիք տէօքիւմ» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի ոսկերչական սարքերու արտադրութեամբ։
Իր կեանքի մէջ բախտորոշ հանգրուան հանդիսացաւ նաեւ 1993ին «Արաս» հրատարակչատան հիմնադրութիւնը՝ Մկրտիչ Մարկոսեանի, Հրանդ Տինքի եւ Արտաշէս Մարկոսեանի հետ համագործակցութեամբ։ Այս հրատարակչատունը կը զբաղի շնորհակալ մեծ գործով մը, լոյս ընծայելով գիրքեր, որոնք կը վերաբերին հայկական մշակոյթի ու գրականութեան կարեւոր թեմաներուն։
Եդուարդ Թովմասեան կեանքի վերջին տարիներուն խորապէս ներգրաւուած էր մշակութային գործունէութեան մէջ, աշխատելով արուեստի ոլորտի զանազան նախագիծերու մէջ։ Մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը, որքան որ թոյլ տուաւ փխրուն առողջական վիճակը, աջակցեցաւ արուեստի ու գրականութեան զարգացման, զանոնք դարձնելով անբաժանելի մաս մը՝ կեանքին մէջ։
Հակառակ անողոք հիւանդութեան, միշտ պահպանեց ուժեղ հայ մարդուն բնորոշ իր գիծը եւ եզակի անձ մը եղաւ շրջապատին համար։
Ընտանիքին՝ իր սիրելի կնոջ Փայլինէին, որդիներուն՝ Պետրոսին ու Միհրանին, հարս երուն՝ Սելինին ու Էսմէին, թոռներուն՝ Նարեկին ու Քամիին, ընտանեկան մերձաւորներուն ժառանգութիւն թողուց համայնքային նուիրեալ գործիչի մը կերպարը, որ եզակի դերակատարութիւն ունեցաւ հայ համայնքի մշակութային միջավայրի մէջ։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ 17 Դեկտեմբերին, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
ՄԱՐՄԱՐԱ-ի խմբագրակազմը խոր վշտով կը բաժնէ Թովմասեան եւ Զաման ընտանիքներու, բոլոր մերձաւորներու մեծ ցաւը։