Թուրքիա- («Ալ Մայատին»- Պէյրութ) Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը նախնական տուեալներով ստացած է քուէներուն 53.3 առ հարիւրը: Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, թէ մինչեւ լուրին հրապարակուիլը քուէասնտուկներուն 50 առ հարիւրը հաշուառուած է: Նոյն աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայ պահու տուեալներով ստացած է քուէներուն 16 առ հարիւրը: