image

Գիւմրիէն նախնական տուեալներ. Իսկ Փարաքարի մէջ յաղթողը ընդդիմադիր թեկնածուն է

Գիւմրիէն նախնական տուեալներ. Իսկ Փարաքարի մէջ յաղթողը ընդդիմադիր թեկնածուն է

Հրապարակուած է Գիւմրիի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները՝ ըստ 39 ընտրատեղամասի արդիւնքներու․

Առաջատարը «Քաղաքացիական պայմանագրի» թեկնածու Սարիկ Մինասեանն է 35,91 տոկոս ձայներով։

Յաջորդը Վարդան Ղուկասեանն է 210,56 տոկոս ձայներով։

Երրորդը՝ Մարտուն Գրիգորեանը՝ 14,67 տոկոս ձայներով։

Փարաքար համայնքի մէջ 57 տոկոս ձայներով յաղթած է ընդդիմադիր Վալոդիա Գրիգորեանը, որ կը ներկայացնէ «Միասնութիւն» դաշինքը։

Ան իր դիմատետրեան էջին շնորհակալութիւն յայտնած է իր ընտրողներուն՝ վստահութեան համար․

«Փարաքար համայնքի սիրելի բնակիչներ,

Շնորհակալ եմ վստահութեան համար։ 

Վստահեցնում եմ, միասին կերտելու ենք մեր երազանքների համայնքը»։

Յիշեցնենք, որ Փարաքարի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած էր 4 ուժ՝

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն,

«Միասնութիւն» կուսակցութիւններու դաշինք,

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն,

«Կայունութիւն» կուսակցութիւն։