image

Գիւմրիի ընտրութիւններ.Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը առաջատար

Գիւմրիի ընտրութիւններ.Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը առաջատար

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն ամփոփած է Գիւմրիի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները 82 ընտրական տեղամասերէն 81-ի մէջ։ 

81 ընտրական տեղամասերու մէջ քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող 109 հազար 493 ընտրողներէն քուէարկութեան մասնակցած է 46 հազար 680-ը։ 

Ըստ ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան տրամադրած տուեալներու՝ Գիւմրիի մէջ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու թիւը 111236 է։ 

Քուէարկութեան արդիւնքներով առաջատարը իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն է (քաղաքապետի թեկնածու՝ Սարիկ Մինասեան), որ հաւաքած է 16 հազար 938 ձայն կամ ձայներու  36,80 տոկոսը։ Երկրորդը Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութիւնն է՝ 9537 ձայնով կամ ձայներու 20.71 տոկոսով (քաղաքապետի թեկնածու՝ Վարդան Ղուկասեան)։ Երրորդը «Մեր քաղաք»-ը դաշինքն է՝ 7296 ձայնով կամ ձայներու 15.85 տոկոսով (քաղաքապետի թեկնածու՝ Մարտուն Գրիգորեան)։ Քուէարկութեան արդիւնքներով 4-րդ տեղը «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնն է (քաղաքապետի թեկնածու՝ Ռուբէն Մխիթարեան), որ ստացած է 3659 ձայն կամ ձայներու 7.94 տոկոսը։ 5-րդ հորիզոնականին «Մայր Հայաստան» դաշինքն է, որ հաւաքած է 2844 ձայն կամ ձայներու 6.18 տոկոսը (քաղաքապետի թեկնածու՝ Կարէն Սիմոնեան)։ 

«Եւրադաշինք»-ը հաւաքած 2071 ձայներով 6-րդն է (4.50 տոկոս), «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը 1658 ձայներով 7-րդն է (3.60 տոկոս), «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւնը 1387 ձայներով եւ 8-րդն է (3.01 տոկոս), իսկ «Հայաստանի աշխատաւորական սոցիալիստական կուսակցութիւնը հաւաքած է 642 ձայն եւ 9-րդն է (1.39 տոկոս)։ 

Քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով անցողիկ շեմը յաղթահարած է 5 քաղաքական ուժ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութիւնը, «Մեր քաղաքը» դաշինքը, «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը եւ «Մայր Հայաստան» դաշինքը։ 

Ընտրական օրէնսգիրքով սահմանուած է, որ ՏԻՄ համամասնական ընտրութիւններուն կուսակցութիւններու համար անցողիկ շեմը 4 տոկոսն է, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքներու համար՝ 6 տոկոսը։ 

Քանի որ նախնական արդիւնքներով քաղաքական ուժերէն որեւէ մէկը չէ յաջողած հաւաքել 50 տոկոսէն աւելի ձայն, համայնքի ղեկավար ընտրելու համար քաղաքական դաշինքներ կազմելու անհրաժեշտութուն պիտի առաջանայ։ Անցողիկ շեմը յաղթահարած ուժերէն 4-ն ընդդիմադիր են եւ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին անոնց ղեկավարները յայտարարած են, որ չեն պատրաստուիր դաշինք կազմել «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հետ։ Եթէ ընդդիմադիր ուժերը միաւորուին, Գիւմրին պիտի ունենայ ընդդիմադիր քաղաքապետ։