image

Արցախցիներ բողոքի հաւաք կատարեցին Կառավարութեան շէնքին առջեւ

Արցախցիներ բողոքի հաւաք կատարեցին Կառավարութեան շէնքին առջեւ
Յունիս 20-ին խումբ մը արցախցիներ հաւաքուած էին կառավարութեան շէնքի առջեւ՝ պահանջելով վերականգնել ընկերային աջակցութեան ծրագիրը։ Յունիսէն «40 +10 հազար» դրամներու ծրագիրը չի գործեր, այն նախատեսուած է միայն սահմանափակ թուով տեղահանվածներու համար:

Անոնք կը բողոքեն աջակցութեան ծրագրերէն, որոնք աստիճանաբար կը կրճատուին, եւ եթէ անյապաղ չլուծուին յատկապէս բնակարաններու, կեցութեան հարցերը, իրենք պիտի յայտնուին փողոցը։

Բողոքի ցոյց իրականացնող արցախցիները նամակ յանձնած են կառավարութեան, որուն մէջ կ՚առաջարկեն շարունակել բնակվարձի աջակցութեան տրամադրումն առանց տարբերակումներու, քայլեր ձեռնարկել ընկերային բնակարաններ կառուցելու եւ տեղահանուածներուն տրամադրելու համար:

Արցախցի հասարակական գործիչ Լիաննա Պետրոսեանը լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է, որ արցախցիներու բնակարանային ապահովման ծրագրով կեցութեան խնդիրը կրնան լուծել շատ փոքր թուով ընտանիքներ, իսկ բնակարան ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ լրացուցիչ գումարը տրամադրելու համար դրամատուները կը գնահատեն եկամուտները:

Արցախցիները նշած են, որ այստեղ եւս կը բախին լուրջ խնդրի, քանի որ չունին բաւարար եկամուտներ դրամատունէն մերժում չստանալու համար։