Մոսկուան կը ցաւի, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անձամբ պիտի չմասնակցի Մինսքի մէջ կայանալիք ԵԱՏՄ նիստին, ուրբաթ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Ի հարկէ, ցաւալի է։ Բայց Հայաստանը ներկայ պիտի ըլլայ տեսակապի միջոցով: Հայաստանը ԵԱՏՄ անդամ է, կարեւոր անդամ», - լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը։
Նախօրէին հաղորդուած էր, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի չմեկնի Մինսք եւ հեռակայ կարգով պիտի մասնակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) նիստին։
ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու (Ռուսիա, Ղազախստան, Ղրղզստան) միւս ղեկավարները, բացառութեամբ ՀՀ վարչապետի, հաստատած են իրենց անձնական ներկայութիւնը միջոցառման։
«Նիկոլ Փաշինեանը հաշաժիղովին պիտի մասնակցի հեռակայ կարգով՝ տեսակապի միջոցով», -ըսած էր Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Ռիժենքովը։
Եւրասիական տնտեսական համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Մինսքի մէջ, յունիս 26-27-ը։ Այն կը համընկնի Եւրասիական տնտեսական միութեան պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստի հետ։
Անցեալ տարուան վերջը Փաշինեան ըսած էր, որ ՀՀ պատուիրակութիւնները պիտի չմասնակցին Պելառուսիոյ մէջ կայանալիք ԵԱՏՄ նիստերուն կամ պիտի մասնակցին հեռակայ կարգով։ Յայտարարութիւնն եղած էր Մինսքի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու սրման լոյսին տակ։