image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ Պայթումներուն Գինը

Թուրքիոյ   Պայթումներուն  Գինը

Թուրքիա- Այսօր Թուրքիան  ցնցած    ահաբեկչական  պայթումները   նոր հանգրուանի մը  սկիզբը  կը դնեն:    Սրուճի  մէջ   տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով   տուժողներուն   մեծ տոկոսը  քիւրտեր են:   Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ     պայթումը  տեղի ունեցած է    Թուրքիոյ  սահմանին մերձ եղող   Քոպանի   քրտաբնակ   քաղաքին  համար օգնութիւններ   հասցընլու  նպատակով     տեղի ունեցող հաւաքի մը մերձակայքը:  Արիւնոտ երկուշաբթին,  կ'երկարէր մինչեւ Քոպանի, ուր  ISIS   իրեն յայտնի  զազիր    արարքով մը  ականուած ինքնաշարժ մը օդին հանելով   կը պատճառէր զոհեր ու վիրաւորներ:   Գաղտնիք չէ, որ այսօրուան  դէպքերէն  գլխաւոր տուժողը քիւրտերն են: Մեծ վերլուծումներու կարիք  չկայ հասկնալու համար, որ նման արարքներ  որու   ջաղացքին ջուր կը հոսեցնեն: Ի՞նչու քիւրտերը եւ ի՞նչու այս հանգրուանին:     Յղուած  պատգամին հասցէատէրը, ոչ միայն   Իրաքի,  Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտերն   են  այլ շրջանին մէջ նոր մարմին ստացող     իրավիճակին    հովանաւոր կողմերը: Ո՞վ է, որ կրակին հետ կը խաղայ: Եւ ի՞նչու հիմա: Պատասխանները  կրնան չուշանալ  եւ յուսալի է, որ   այսօր  գրանցուած զարգացումներէն անդին   ստեղծուելիք նոր իրավիճակները արեան նոր բաղնիքներու դուռ   չեն բանար: