Թուրքիա- Այսօր Թուրքիան ցնցած ահաբեկչական պայթումները նոր հանգրուանի մը սկիզբը կը դնեն: Սրուճի մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով տուժողներուն մեծ տոկոսը քիւրտեր են: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ պայթումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ սահմանին մերձ եղող Քոպանի քրտաբնակ քաղաքին համար օգնութիւններ հասցընլու նպատակով տեղի ունեցող հաւաքի մը մերձակայքը: Արիւնոտ երկուշաբթին, կ'երկարէր մինչեւ Քոպանի, ուր ISIS իրեն յայտնի զազիր արարքով մը ականուած ինքնաշարժ մը օդին հանելով կը պատճառէր զոհեր ու վիրաւորներ: Գաղտնիք չէ, որ այսօրուան դէպքերէն գլխաւոր տուժողը քիւրտերն են: Մեծ վերլուծումներու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ նման արարքներ որու ջաղացքին ջուր կը հոսեցնեն: Ի՞նչու քիւրտերը եւ ի՞նչու այս հանգրուանին: Յղուած պատգամին հասցէատէրը, ոչ միայն Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտերն են այլ շրջանին մէջ նոր մարմին ստացող իրավիճակին հովանաւոր կողմերը: Ո՞վ է, որ կրակին հետ կը խաղայ: Եւ ի՞նչու հիմա: Պատասխանները կրնան չուշանալ եւ յուսալի է, որ այսօր գրանցուած զարգացումներէն անդին ստեղծուելիք նոր իրավիճակները արեան նոր բաղնիքներու դուռ չեն բանար: