Սեւակ Արծրունիի կարծիքով, 15-16 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ կատարուածը մեծ բեմադրութիւն էր: Արծրունի այս կարծիը յայտնեց «Արեւելք»ին, ըսելով, թէ բեմադրութեան նպատակն էր աշխարհին ու մանաւանդ ՆԱԹՕ-ի պլոքի երկրներներու ղեկավարներներուն կանգնեցնել Օսմանեան Թուրքիոյ վերականգնման փաստին առջեւ: Ան դիտել տուաւ. «Թուրքիոյ ուժային կառոյցները միշտ կը հետեւին անոր, որուն կը վերահսկէ թրքական արմատական խուժանը»: Սեւակ Արծրունի, կարեւոր ապացոյցի մը մասին խօսելով, ըսաւ. «Մինչ այս առաւօտ ռուս, ամերիկացի եւ մանաւանդ հայ վերլուծաբաններ հարց կու տային, թէ որո՞ւ կողմէ կը վերահսկուի Թուրքիան, Էրտողան Պոլսոյ հրապարակներէն մէկուն մէջ 100 հազարէ ավելի խուժանի ներկայութեամբ, երաժշտութեամբ ու կազմակերպուած կոչերով, միթինկ կազմակերպեց, ուր այս անգամ նախագահին կ'ողջունէին «Ալլահ ու Աքպար» կոչեր հնչեցնելով: Այդ դէպքէն րոպէներ առաջ թուրք ազգայնամոլականները «Գորշ գայլեր»ու նշանը պարզած, իբրեւ թէ «կ'ազատագրէին» TRT լրատուական կայանը:
Էրտողանը, ինչպէս Քէմալը, անոնցմէ առաջ, երիտթուրքերն ու Օսմանեան կայսրերը, կ'իշխէին խորամանկութեան, քաղաքական իրատեսութեան եւ ամենակարեւորը փաստացի բիրտ ուժի միջոցով»:
Մեր խօսակիցը կը նշէ, թէ բաւարար է կարդալ դէպքերու հետեւողականութիւնը, հասկնալու համար, որ եղածը բեմադրութիւն էր. «Էրտողանի Պոտրում քաղաք հանգստանալու մեկնելէն մինչեւ անոր սպասուող «յաղթական» Անգարա վերադարձը մեծ բեմադրութիւն է, որուն նպատակն էր նախ բացայայտել ներքին թշնամիները եւ ապա չէզոքացնել զանոնք, իրենց արտաքին տէրերուն հետ միասին: Այս մէկը, ոչ միայն բանակին այլ բոլոր՝ դատական, վարչական, լրատուական շրջանակներուն մէջ»:
Արծրունի կարեւոր տուեալներ ներկայացնելով կը դիտարկէ Էրտողանի «իսլամիստ միապետ» ըլլալու ուզելու հանգամանքը եւ այս առումով ըսաւ. «Եթէ ուսումնասիրէք Էրդողանի քաղաքական կեանքը, ապա կրնաք տեսնել, որ քաղաքական կեանքի առաջին իսկ օրէն ան կ'երազէր դառնալ «իսլամիստ միատէր»: Ան հիմա ալ այդպիսին է, սակայն կ'ուզէ է այդ կարգավիճակին տալ նաեւ իրաւական, այսինքն սահմանադրական հիմքեր»: Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ հաւանական զարգացումներուն մասին խօսելով Սեւակ Արծրունի դիտել տուաւ. «Հիմա Էրտողանի դիմաց կանգնած են միայն միջազգային ուժեր եւ անոնց ներքին գործակալները: Ռուսաստանի հետ մերձենալով, Էրտողան ԱՄՆ-ից եւ Արեւմուտքից պիտի պահանջէ զիջումներ առաջին հերթին այս հարցին շուրջ: Այս նպատակին դիմաց, Սուրիան եւ Պաղեստինը կրնան դառնալ առեւտուրի առարկաներ»: Խօսելով Թուրքիոյ մէջ առկայ «Քրտական գործօն»ին մասին, Արծրունի ըսաւ. « Կը կասկածիմ ըսելու, որ արեւմուտքը լծակներ ունի Թուրքիան քաոսային վիճակի մէջ պահելու: Հոն միակ լուրջ լծակը քրտական հարցն է, որ Արեւմուտքէն բացի կը վերահսկուի նաեւ այլ ուժերու կողմէ»:
Ըստ Արծրունիի, «Էրտողան «այս պահուն լեզու գտած է Թէլ Աւիւի, Իրպիլի եւ Մոսկուայի հետ, իսկ նոյեմբերին երբ տիկին Քլինթընը կը յայտնուի ամերիկեան նախագահութեան աթոռին, ես համոզուած եմ, որ այդ ժամանակ կրնան փոխուիլ յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի հետ: Համոզուած եմ, նոր անակնկալներ մեզի կը սպասեն: Անակնկալներու մեջ կը յայտնուին մեզմէ շատեր ու մանաւանդ անոնք, որոնք ոչ թե փաստերու , այլ ցանկութիւններու միջոցով կը փորձեն կարդալ քաղաքական ընթացիկ եւ գալիք ցնցումները»: