Լիբանան- («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սայիտ Հասան Նասրալլա, ըսած է, թէ «Պաղեստինցի ժողովուրդը այլընտրանք չունի պայքարելէ բացի եւ իրադարձութիւնները կը պարտադրեն, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր արեամբ պարտադրէ իր կամքը» վերահաստատելով որ, « Հըզպալլան բոլոր ձեւերով աջակից է Պաղեստինեան ժողովուրդին իր Իսրայէլի դէմ պայքարին մէջ»: Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ տեղի ունեցած Աշուրայի առաջին գիշերը նշելու հանդիպման, իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, «Կ'արձանագրենք կրկին, որ Պաղեստինի ժողովուդը կը զարմացնէ աշխարհը իր նորոգմամբ, զինք ընկճելու բոլոր գործօնները յաղթահարելով, պայքարի նոր միջոցներ ստեղծելու կարողութեամբ: Կան մեծխօսիկներ, որոնք Պաղեստինցիներու կարողութենէն աւելին կը սպասեն, մինչ այդ հողին վրայ իրենք են իրավիճակի տէրերը, իրենք է, որ պիտի ընտրեն պայքարելու ձեւերը: Մենք գրաւեալ Երուսաղէմի, արեւմտեան ափի, Կազայի բաժնին մէջ կը տեսնենք զօրաւոր ժողովրդական շարժում, երրորդ ինթիֆատաի սկզբնաւորութեան նմանող»: