Թուրքիոյ մէջ հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճի սպանութենէն գրեթէ 7 տարի անց, դատարանը կրկին քննութեան պիտի առնէ անոր սպանութեան գործը: Այս մասին յայտնած է Պոլսոյ «Ակօս» պարբերկանաը:
Սեւակի սպանութեան գործը տեղափոխուած է Պաթմանի Առաջին ատեանի քրէական դատարան, ուր այն պիտի քննուի 8 փետրուար 2018-էն:
Յիշեցնենք, որ Պալըքճի սպաննուած էր 24 Ապրիլ 2011-ին, երբ իր հետ ծառայութեան մէջ եղող Քվանչ Աղաօղլու կրակ բացած ու սպաննած էր զինք:
Կարճ ժամանակով բանտը մնացած Աղաօղլու աւելի ուշ դատարանին որոշումով ազատ արձակուած էր՝ հիմք ունենալով այն վարկածը, թէ Պալըքճին սպաննուած է ոչ թէ միտումնաւոր կերպով, այլ՝ արկածի հետեւանքով: