Մոսկուայի Ռեազանսքի պողոտային վրայ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհուած է Ռուսիոյ Զինուած ուժերու ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան զօրքերու պետ Իկոր Քիրիլովը, յայտնած է Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէն։ Զոհուած է նաեւ մէկ այլ զինծառայող՝ զօրավարի օգնականը։
Քննչական կոմիտէի Մոսկուայի քննչական ընդհանուր վարչութեան կողմէ քրէական գործ յարուցուած է, յայտնած է kommersant.ru-ն:
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ գործի դրուած է պայթուցիկ սարք, որ տեղադրուած եղած է տան մօտ կայանուած ինքնագլորի վրայ։
Զօրավար-լեյտենանտ Քիրիլովը Ռուսիոյ Զինուած ուժերու ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան զօրքերու պետի պաշտօնը կը զբաղցնէր 2017 թուականէն։