image

« Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Ձախողեցաւ» «Արեւելք»ին Ըսաւ ՝ Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան

« Թուրքիա  Սուրիոյ Մէջ  Ձախողեցաւ» «Արեւելք»ին  Ըսաւ ՝ Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան

Թուրքիա-«Երկար մտորումներէ   եւ անվերաջանալի թուացող բանակցութիւններէ  ետք    Թուրքիոյ իշխանութիւնները  վերջապէս  որոշեցին      ներգրաւուիլ   ISIS-ին դէմ կազմուած միջազգային դաշինքին մէջ : Այսպէս Թուրքիոյ  ISIS -ի դէմ շղթազերծած պատերազմը   չ'ընդգրկէր միայն թրքական կործանիչներու մասնակցութեամբ Սուրիոյ մէջ   ISIS-ի դիրքերուն դէմ    ռմբակոծումները այլ նաեւ եւ յատկապէս բրիտանական եւ ամերիկեան կործանիչներուն  արտօնութիւն տալը, որպէսզի վերջիններս   օգտագործեն Թուրքիոյ Ինճիրլիք  օդային   խարիսխը   գրոհելու համար ISIS -ին դէմ».  այսօր «Արեւելք»ին ըսաւ     Վիգէն Չըթրեան: Չըթրեան, որ  Ժընեւի համալսարանի   միջազգային յարաբերութեան  դասախօս է նաեւ յայտնեց, որ   Թուրքիոյ   այս քայլը     կը կատարուի, որպէս   հակազդեցութիւն Սուրուճի մէջ կատարուած ահաբեկչութեան:  Քաղաքագէտը նաեւ  ըսաւ, որ   Սուրուճի  խնդիրը հարցին միայն  մէկ  երեսն  է ու  կարեւոր հանգամանք է նաեւ, որ ISIS   ձախողեցաւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ   կռուելու կարեւոր գործօն մը  ըլլալէ:  Չըթրեան  նշեց, որ    գետնի վրայ  ընթացող  փոփոխութիւնները եւ   զինուորական գործողութիւնները  պատճառ դարձան, որ  Թուրքիա    ամէն գնով   Սուրիոյ հիւսիսային  հատուածներուն մէջ օդային ապահովութեան գօտի մը ստեղծելու  խնդիրը  առաջ  մղէ եւ այդ մէկը կրնայ իրականութիւն դառնալ յառաջիկայ շաբաթներուն:  Ան իր խօսքը շարունակելով   նկատել տուաւ, որ   «Ինճիրլիքի    օդային խարիսխի արեւմտեան դաշնակից ուժերուն կողմէ  օգտագործուիլը  ՝ «օգտակար պիտի ըլլայ դաշնակից ուժերուն  աւելի կարճ ժամանակամիջոցներու մէջ  հարուածել  եւ  թիրախ դարձնել     ISIS-ի   առաջնորդներուն դիրքերը  եւ բարձրացնել    ամերիկեան   կործանիչներուն  աւելի կարեւոր  թիրախներ հարուածելու  հնաաւորութիւնները»: Աւարտին Չըթրեան   զարմանք  յայտնեց  Թուրքիոյ  Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ  իսլամիստներուն հետ        գործակցելու    երեւոյթին առընթեր մանաւանդ, որ իր կարծիքով  «որեւէ պետութիւն,  որ կը գործակցի Իսլամիստ  խմբաւորումներու հետ ծանր    հարուածներու ենթակայ կ'ըլլայ նոյն   իսլամիստներէն : Այս խօսքին     ամէնէն վառ  օրինակը Փաքիստանի պարագան է: Ինչպէս Փաքիստան   այնպէս եւս  Էրտողանի գլխաւորած Թուրքիոյ      իշխանութիւնները      կրօնա- գաղափարական      կապեր ունին  իսլամիստ  հատուածնրունն հետ եւ   հակառակ  տեղի ունեցող  ռազմական  գործողութիւններուն  դժուար թէ այդ  կապերը խափանուին»- եզրակացուց Դոկտ. Վիգէն Չըթրեան: Նշենք, որ  Թուրքիոյ վերջին զարգացումներուն մասին Չըթրեանի  «Արեւելք»ին տրամադրուած վերլուծական- յօդուածը կրնաք կարդալ      «Արեւելք»ի  յօդուածներու բաժնին մէջ: