image

Թուրքիա պայքար կը տանի մօտիկ անցեալին իրեն համակիր համարուող զինեալներուն դէմ

Թուրքիա պայքար կը տանի մօտիկ անցեալին իրեն համակիր համարուող զինեալներուն դէմ

Թրքական բանակը զինուորական գործողութիւններ կատարելու սկսած է, յատկապէս Ճարապլոս եւ Ալ-Պապ քաղաքներուն մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այդ շրջաններուն մէջ իրավիճակի վերադասաւորում կը կատարուի եւ Անգարայի մօտիկ խմբաւորումներ ճնշումներ եւ ձերբակալութիւն կը կատարեն այն խմբաւորումներուն դէմ, որոնք չեն ենթարկուիր Անգարայի կողմէ եղած կարգադրութիւններուն:

Կը նշուի նաեւ, որ յատկապէս Ճարապլոս քաղաքին մէջ մեծ թիւով զինեալներ երէկ յանձնուած են թրքական տնօրինութեամբ գործող «Ճայշ Ալ-Ուաթան» կոչուած խմբաւորման հրամանատարութեան:

Յիշեցնենք, որ յատկապէս Ալ-Պապը, Ճարապլոսը եւ Աֆրինը այսօրուայ դրութեամբ կը գտնուին Թուրքիոյ ընդհանուր տնօրինութեան տակ եւ այդ մէկը կ'ոտնակոխէ Միջազգայի բոլոր նորմերը, որովհետեւ այդ շրջանները կը պատկանին Սուրիոյ պետութեան: