Աւարտած է «Սրբազան պայքար» շարժման ղեկավարներէն ու մասնակիցներէն 18 անձի մասով անջատուած քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը, յայտնած են քննչական կոմիտէէն։
17 անձի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը, 1 անձի նկատմամբ՝ վարչական հսկողութիւնը եւ բացակայելու արգելքը:
Կոմիտէէն նաեւ յայտնած են, որ 18 անձի վերաբերեալ քրէական վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է հսկող դատախազին՝ այն հաստատելու եւ ըստ էութեան քննութեան առնելու համար դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:
***
Յունիս 24-ին մերձիշխանական լրատուամիջոցներէն մէկը հրապարակած էր «յեղաշրջման պլան», որ, ըստ լրատուամիջոցի, կը ներկայացնէ գործողութիւններու փուլային ծրագիր, միջոցներու եւ գործող անձանց հաշուագրում։ Այդ ծրագիրը սկսան տարածել վարչապետը, վարչապետի տիկինը եւ իշխանական պատգամաւորներ, որմէ ետք այն ուղարկուեցաւ Քննչական կոմիտէ։
Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին «Սրբազան պայքար» շարժման ղեկավարներէն ու մասնակիցներէն 18 անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 43-308-րդ յօդուածի 1-ին մասով (ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն) եւ 43-419-րդ յօդուածի 1-ին մասով (իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն):