Այս օրերուն Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակէն որեւէ մէկը չէ այցելած հացադուլ ընող քաղբանտարկեալ Նարեկ Սամսոնեանին: Մենք այսօր բողոքի խորհրդանշական միջոցառում կ՚իրականացնենք: Այստեղ բերած ենք հացադուլի 11 օրերը խորհրդանշող ուտելիք: Այս մասին Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակի առջեւ, բողոքի ցոյցի ժամանակ ըսած է «Անտիֆեյք»-ի գլխաւոր խմբագիր Աստղիկ Մաթեւոսեանը:
«Այսօր Նարեկ Սամսոնեանի հացադուլի 11-րդ օրն է, եւ մենք ՄԻՊ գրասենեակի առջեւ ենք խորհրդանշական ակցիայով՝ ցոյց տալու, որ 11 օր շարունակ ՄԻՊ-ը որեւէ քայլ չի ձեռնարկել Նարեկ Սամսոնեանի հացադուլի առնչութեամբ, հրապարակային որեւէ յայտարարութիւն չի եղել, արտահերթ զեկոյց չի հրապարակուել, որեւէ մէկը ՄԻՊ գրասենեակից առայսօր նրան չի այցելել»,-նշած է Մաթեւոսեանը:
Ան աւելցուցած է, որ իրենք չեն պահանջեր որեւէ քայլ ընել, ուղղակի եկած են արձանագրելու՝ Մարդկային իրաւանց պաշտպանը 11 օր շարունակ լուռ է Հայաստանի մէջ աղաղակող ապօրինութեան նկատմամբ:
«Նարեկ Սամոնեանն ունի առողջական լուրջ խնդիր, բժիշկը ցուցել է նրան անյապաղ վիրահատական միջամտութիւն իրականացնել, եւ հաշուի առնելով թէ՛ հացադուլի հանգամանքը, թէ՛ նրա առողջական խնդիրը, մենք ահազանգում ենք՝ Սամսոնեանի առողջութիւնը վտանգուած է:
Մենք այստեղ ենք արձանագրելու, որ ՀՀ-ում ՄԻՊ-ի լռութիւնը հաւասար է յանցակցութեան: Մենք այստեղ ենք արձանագրելու, որ Նարեկ Սամսոնեանի առողջութեանն ու կեանքին սպառնացող վտանգի հետեւանքները կրում են ինչպէս ՀՀ իշխանութիւնները, դատական համակարգը, այնպէս էլ բոլոր այն իրաւասու պաշտօնեաները, որոնք պէտք է արձանագրէին, խօսէին, բարձրաձայնէին հարցի մասին, բայց մինչ օրս լռում են»,-աւելցուցած է ան:
Նշենք, որ երէկ 10 օր հացադուլի մէջ գտնուող Նարեկ Սամսոնեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատացած էր։ Արձանագրուած էր սրտի հետ կապուած խնդիր եւ անոր «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկէն տեղափոխած էին «Էջմիածին» բժշկական կեդրոն:
Աւելի ուշ փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը տեղեկացուցած էր, որ, ըստ հետազօտութիւններու, Սամսոնեանի սրտի վիճակը կարգաւորուած է, եւ անոր ետ տարած են բանտ: