Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ, Ատրպէյճանի մէջ ընթացող «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» անդամ երկիրներու վարչապետներու եւ փոխնախագահներու հանդիպման ժամանակ, նշած է, որ իրենք գոհունակութեամբ կ՚ողջունեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը։ Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը։
Ան նշած է, որ այս ոլորտին մէջ ձեռնարկուող քայլերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան թրքական աշխարհի բարեկեցութեան վրայ։
Թուրքիոյ փոխնախագահը նաեւ հարցազրոյց տուած է APA լրատուական գործակալութեան՝ խօսելով TRIPP նախագիծի մասին։
Հարցին՝ թէ ի՞նչ յատուկ առաւելութիւններ պիտի ընձեռէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը Թուրքիա–Ատրպէյճան–Կեդրոնական Ասիա երթուղիին առեւտուրի եւ լոճիսթիքայի առումով, Եըլմազ պատասխանած է․
«Ատիկա պիտի ապահովէ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի հիմնական մասի միջեւ ուղիղ ցամաքային կապ, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատելու անընդհատ փոխադրական կապեր։ Այս պայմաններուն մէջ պիտի ստեղծուի մեր երկրի եւ թրքական հանրապետութիւններու միջեւ ուղիղ ինքնաշարժային կապ։ Այս առումով ալ անոր գործարկումը զգալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանային առեւտուրի եւ ներդրումային հոսքերու արագացման եւ բազմազանեցման վրայ, ինչպէս նաեւ մեր երկրին տարածաշրջանային երկիրներու հետ առեւտուրի նպատակայն ծաւալներուն հասնելու վրայ»,– ըսած է Թուրքիոյ փոխնախագահը։
Ան աւելցուցած է, որ այդ երթուղիի գործարկումը պիտի նպաստէ նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու աւելի առողջ զարգացման՝ առեւտուրի միաւորող ուժին միջոցաւ, եւ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ու համարկման խորացման։
«Սա իր հերթին պիտի նպաստէ տնտեսական զարգացման եւ պիտի ամրապնդէ կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ՝ միջինաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով»,– եզրափակած է Եըլմազ։