Թուրք յայտնի դերասանուհի, «Կիւմիւշ» հեռուստաշարի աստղ Սոնկիւլ Եոտէնն ամուսնացած է Թուրքիա ծնած եւ այնտեղ բնակող հայու՝ Արման Պճաքչեանի (Արման Պճաքչի) հետ: Թրքական մամուլը, ներկայացնելով լուրը,նշած է, որ երջանիկ զոյգը չորս տարի ընկերութիւն ընելէ ետք ամուսնացած է՝ կազմելով գեղեցիկ ընտանիք:
Արման Պճաքչին գործատէր է, ան կ'աշխատի աշխարհահռչակ հայ ոսկերիչ Սեւան Պճաքչիի հետ, որուն զարմիկն է: Փեսացուի հայրը Պոլսոյ հայ հոգեւորականներէն է՝ Տ. Զաւէն քահանայ Պչաքճեանը:
Պսակադրութեան արարողութիւնը եղած է շատ համեստ՝ Պեշիկթաշի քաղաքապետարանի ամուսնութիւններու գրանցման բաժնին մէջ:
Սոնկիւլ Եոտէնը 41 տարեկան է, թրքական եւ արաբական հեռուստակայաններով 2005-էն 2007-ը ցուցադրուած «Կիւմիւշ» հեռուստաշարէն ետք անոր անուանած են «Արեւելեան երազներու թագուհի»: Ան արմատներով զազա է: