Օրերս Երեւան այցելութիւն տուած Լեհաստանի նախագահ՝ Անճէյ Տուտա, այցելութիւն տուած է նաեւ Հայաստանի Ֆոնտային պորսա:
Այս մասին ալ ուշագրաւ գրառում մը կատարած է հայաստանի եւ հայութեան թեմաներով հետամուտ ամերիկացի կրօնական գործիչ ՝ Ժոէլ Թէնին։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն (անգլերէնէ թարգմանելով) կը ներկայացնենք այդ գրառումը՝
Մարդ մը, որու հանդէպ մեծ յարգանք ունիմ, եւ կը համարեմ զայն Հայաստանի իմաստուն եւ առաջատար անձերէն մէկը, Հայկ Եկանեան՝ Հայաստանի Ֆոնտային սակարանի գլխաւոր տնօրէնը, հանդիպեցաւ Լեհաստանի նախագահին եւ լեհ այլ պաշտօնեաներու հետ:
Լեհաստանի նախագահ՝ Անճէյ Տուտա այցելեց Հայաստանի սակարանը եւ Կեդրոնական պահեստարանը (տէփոզիթորիան):
Լեհաստանի նախագահի այցի առանցքային նպատակներէն էր ծանօթանալ Հայաստանի սակարանին եւ կեդրոնական պահեստարանի (տէփոզիթորիա) գործունէութիւններուն, անոնց զարգացման ռազմավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել Հայաստանի ելեւմուտքի շուկայի ներուժը։
Այցի ընթացքին նախագահը շրջեցաւ AMX Group-ի գրասենեակները, ուր իրեն ներկայացուեցաւ սակարանի եւ պահեստի ընթացիկ գործունէութիւնը, հիմնական ծրագիրները ու ապագայի տեսլականը։ Նախագահին ուղեկցեցան Լեհաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ Վարշավայի սակարանի ներկայացուցիչներ։
Այցելութենէն ետք տեղի ունեցաւ փակ, սահմանափակ ձեւաչափով քննարկում, որու ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայաստանի ֆինանսական ենթակառուցուածքներու զարգացման նոր կարելիութիւններ եւ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւոր ուղիներ։