image

Թուրք Ազգայնականներ Հակահայ Երթ Կը Կատարեն Պոլսոյ Հայկական Թաղերուն Մէջ (Տեսանիւթ)

Թուրք Ազգայնականներ Հակահայ  Երթ  Կը Կատարեն Պոլսոյ Հայկական Թաղերուն Մէջ (Տեսանիւթ)

Թուրքիա- Թուրք  ազգայնականներ        այսօր եւս  երթեր  կատարած են Պոլսոյ  հայկական թաղամասերուն մէջ:   Մեծադիր դրօշներ   բռնելով եւ հայերու ու քիւրտերու հասցէին վանկարկումներ   ընելով, անոնք  անցած են յատկապէս   հայկական Քուրթուլուշ, Շիշլի  եւ  համեմատաբար նուազ թիւով հայերով բնակեցուած        Պէշիկթաշ թաղամասերէն: «Արեւելք»ի տիրապետած  տեղեկութիւններուն համաձայն կարգ մը թաղամասերու մէջ  հայեր  զգուշութեան առ ի հետեւանք անջատած են    տան լոյսերը:  «Արեւելք»ին  հասած սոյն տեսանիւթը  առնուած է քիչ առաջ  եւ տեսագրուած է  Շիշլի- Պոմոնթի շրջանին մէջ , որ  կը գտնուի   Քուրթուլուշ թաղամասին մօտակայքը: Պիտի շարունակենք հետեւել Պոլսոյ   զարգացումներուն:  (Լուսանկարը մեր արխիւէն):