image

Թորոս Թորանեան. «Հրաշալի կը զգամ. Ոչ Մէկ Խնդիր Ունիմ»

Թորոս Թորանեան. «Հրաշալի կը զգամ. Ոչ Մէկ Խնդիր Ունիմ»

 Հայաստան- Անցեալ շաբաթ լրատուամիջոցներու մէջ լուր տարածուած էր, թէ սուրիահայ գրող, բժիշկ, հասարակական գործիչ Թորոս Թորանեան բնակութիւն հաստատած է Հայաստան եւ նիւթական ծանր կացութեան մատնուած է: Ան, ինչպէս նշած էր կայքերէն մէկը, չունի եկամուտի աղբիւր, կը բնակի վարձով եւ մտահոգութիւն յայտնուած էր, թէ արդեօ՞ք պետական միջոցներէ կը գտնուին աղբիւրներ` սատարելու ականաւոր մտաւորականը, որու նմանը,  ինչպէս նշած էր լրատուամիջոցը,  Սփիւռքի մէջ չունինք: Իրաւ, Թորոս Թորանեան այսօր սփիւռքի երէց սերունդի ամէնէն ականաւոր մտաւորական գրողն է, աւելի քան 150 գիրքերու, բազմաթիւ դասախօսութիւններու, մենագրութիւններու հեղինակ: Ան Հայաստանի հանրապետութեան «Մովսես Խորենացի» մետալակիր է:

Այսօր «Արեւելք» Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Թորոս Թորանեանին: Նախ, ըսենք, որ մտաւորականին տրամադրութիւնը շատ բարձր էր: Ան իրեն բնորոշ կենսախնդութեամբ տեղեկացուց, որ իր մնացած կեանքը պիտի ապրի Հայաստանի մէջ` բազմաթիւ սփիւռքահայերու երազած հայրենիքը:

Մեր հարցումին ի պատասխան, թէ ի՞նչ խնդիրներ ունի, ականաւոր մտաւորականը պատասխանեց. «Հրաշալի կը զգամ. ոչ մէկ խնդիր ունիմ»: Թորոս Թորանեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրմով մտահոգ բոլորին, մանաւանդ լրատուամիջոցներուն, բայց նշեց, որ ինք ոչ մէկ հարցով երբէք ոչ   ոքի  դիմած է, իր խնդիրներու մասին ոչ մէկու հետ զրուցած է եւ կարիք չ'ըզգար օտար մարդոցմէ օգնութիւններու «Ես մուրացիկ չեմ: Փառք Աստծոյ, լաւ եմ, շրջապատուած եմ հարազատներով, բարեկամներով, ընկերներով,  ընտանիքի անդամներով, որոնք չափազանց հոգատար են իմ հանդէպ»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց Թորոս Թորանեան:  Գրողը նաեւ ըսաւ, որ սկսած է գրել եւ շուտով յօդուածաշար կը տպագրէ «Ազգ»-ի եւ «Գրական թերթ»-ի մէջ: Իր գրութիւններուն մէջ, ինչպէս նշեց Թորոս Թորանեան, ներառած է նաեւ հայաստանեան պատկերներ բակային զրոյցներ:   *Թորոս Թորանեանի լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: