Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնացն ակնարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան մասին։ Այս մասին Սթիւ Ուիթքոֆ ըսած է լրագրող Թաքըր Քառլսոնին տուած հարցազրոյցին։
Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը միջնորդութեան ճիշդ կ'ըլլայ միայն այն պարագային, երբ Միացեալ Նահանգներ կը կարողանայ ազդեցութիւն ունենալ:
«Ինչու վատնել ձեր ժամանակը կամ Միացեալ Նահանգներու ժամանակը: Ինչու ես պէտք է գամ նախագահին մօտ եւ առաջարկեմ, որ մենք կրնանք ինչ որ բան աւարտել երկխօսութեան միջոցով, իսկ յետոյ չկրնանք այդ ընել: Այդ վատ քաղաքական ռազմավարութիւն է։ Եթէ ես չմասնակցիմ այդ գործընթացին, գնահատական տամ, յետոյ նախագահին ըսեմ, որ երկխօսութեան միջոցով կրնանք արդիւնքի հասնիլ, միայն այդ պարագային մասնակցութիւնը իմաստ կ'ունենայ։ Այդ հաշուարկները կիրառելի են ոչ միայն Իրանի, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ, այլեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար»,- ըսած է Ուիթքոֆ։
Անոր խօսքով՝ այդ սկզբունքները կրնան կիրառուիլ բոլոր հակամարտութիւններու պարագային, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է բանակցութիւններուն մասնակցի միայն այն պարագային, երբ ազդեցութեան իրական հնարաւորութիւններ ունի: