Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Իսրայէլի արտաքին հետախուզական գործակալութեան` «Մոսատ»-ին, յանձնարարած է գտնել այն երկրները, որոնք կը համաձայնին ընդունիլ Կազայի հատուածէն տեղահանուելիք մեծ թուով պաղեստինցիները, հաղորդած է Axios-ը՝ վկայակոչելով իսրայէլացի պաշտօնեաները:
Նման բանակցութիւններ արդէն տեղի ունեցած են Սոմալիի, Հարաւային Սուտանի, Ինտոնեզիոյ եւ այլ երկիրներու հետ: Իսրայէլացի պաշտօնեաներու խօսքով՝ Նաթանիահուն «Մոսատ»-ին գաղտնի յանձնարարականը տուած է քանի մը շաբաթ առաջ։ Իսրայէլի վարչապետի աշխատակազմը հրաժարած է մեկնաբանութիւններէ:
Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն առաջարկած էր Կազայի հատուածէն տեղահանել երկու միլիոն պաղեստինցիներ՝ ռազմական գործողութիւններէն աւերուած անկլաւը վերականգնելու համար: Առաջարկին կողմ արտայայտուած Նաթանիահուն, որ ուղիներ կը փնտռէ մեծ թիւով պաղեստինցիներ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկիրներ տեղափոխելու համար: