ԱՄՆ-ն մինչեւ 10 միլիոն տոլար պարգեւ սահմանած է տեղեկատւութեան համար, որ կը յանգեցնէ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման ֆինանսական մեխանիզմներու խախտման, յայտնած է Al Arabiya-ն՝ վկայակոչելով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Թամմի Պրիւսը:
«ԱՄՆ-ը յանձնառու է աջակցելու Լիբանանին՝ բացայայտելով եւ խափանելով «Հեզպալլա»-ի ահաբեկչական գործունէութեան եւ տարածաշրջանին մէջ Իրանի ապակայունացնող ազդեցութեան ֆինանսաւորման համակարգերը: «Հըզպալլա»-ին կարելի չէ թոյլ տալ գերութեան մէջ պահել Լիբանանը», -ըսած է Պրիւսը:
Բացի այդ, ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներ սահմանած է 5 անհատի եւ 3 ընկերութեան նկատմամբ, որոնք կ՚աջակցին «Հըզպալլա»-ի ֆինանսական խումբին: Խօսնակի պնդմամբ՝ այս խումբը կը վերահսկէ «առեւտրային նախագիծերը եւ նաւթի մաքսանենգութեան ցանցերը, որոնք եկամուտ կը բերեն «Հըզպալլա»-ին»:
Ըստ Պրիւսի՝ պատժամիջոցներն ուղղուած են նաեւ «Հըզպալլա»-ի յայտնի պաշտօնեաներու ընտանիքի անդամներուն եւ մտերիմներուն:
«Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ օգտագործել իր տրամադրութեան տակ եղած գործիքներն այնքան ժամանակ, քանի դեռ այս ահաբեկչական խմբաւորումը կը սպառնայ լիբանանցիներուն», -ըսած է ան: