image
Հրատապ լուրեր:

«Ես ձեր նեցուկին պէտք ունիմ» Պասիլ դարձեալ «Ազատ հոսանք»ի նախագահութեան թեկնածու

«Ես  ձեր  նեցուկին պէտք ունիմ» Պասիլ  դարձեալ  «Ազատ հոսանք»ի նախագահութեան թեկնածու

 Լիբանանի    արտաքին գործոց  նախարար Ժըպրան Պասիլ այսօր  դվիթըրեան գրառում մը կատարելով  յայտնեց, թէ       թեկնածու է    «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան նախագահի  պաշտօնին։

 

 Պասիլ      գրելով իր  որոշումին մասին նաեւ ըսաւ, թէ «Անցնող չորս տարիներուն    կուսակցութիւնը առաջնորդելէ ետք  այսօր դարձեալ  կարիքն ունիմ ձեր վստահութեան եւ նեցուկին,  որպէսզի միասին  շարունակենք մեր ճամբան»։

 Յիշեցնենք, որ    Լիբանանի  նախագահ Զօր. Միշէլ  Աունի   առաջնորդութեամբ հիմնուած  «Ազգային ազատ հոսանք»ը  կը համարուի երկրի        գլխաւոր   կուսակցութիւններէն մին եւ կուսակցութեան հերթական  ընտրութիւնները   պիտի  կայացուին    յառաջիկայ   15 սեպտեմբերին։