Դամասկոսի մէջ հրատարակուող սուրիական կնոջական «Զահրեթ Սաուսան» ամսաթերթը Կիներու միջազգային օրուան առիթով հարցազրոյց մը ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ:
Երեսփոխանին կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ քաղաքական կեանքին մէջ սուրիացի կնոջ մասնակցութեան եւ ներկայութեան: Արիսեան ըսած է. «Պատիւ ունիմ դառնալու առաջին հայ կին երեսփոխանը արաբական աշխարհին մէջ»:
Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին հարցումին պատասխանելով` Արիսեան մանրամասն բացատրութիւն տուած է պատմական յարաբերութիւններու մակարդակին մասին եւ` նշած, որ դիւանագիտական յարաբերութիւնները իրաւական հիմք հանդիսացան այդ յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Սուրիոյ մէջ հայերու մասին խօսելով` Արիսեան յայտնած է, որ սուրիահայերը սուրիացի քաղաքացիներ են, կը հպարտանան իրենց քաղաքացիութեամբ եւ կը պահպանեն իրենց լեզուն ու մշակոյթը` միութիւններու եւ եկեղեցիներու եւ դպրոցներու ընդմէջէն: Երեսփոխանը ընդգծած է սուրիահայերու մեծ ներդրումին` Սուրիոյ կեանքին տարբեր ոլորտներու մէջ, շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք թրքացման քաղաքականութեան դէմ պայքարի փուլին հայերու եւ սուրիացիներու յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդուեցան:
Արիսեան ըսած է. «Սուրիահայերը կը մնան համերաշխութեան վառ օրինակ եւ կը շարունակեն իրենց մասնակցութիւնը բերել Սուրիոյ կառուցման եւ բարգաւաճման մէջ` որպէս սուրիական ընկերութեան մասնիկ»:
Սուրիացի կնոջ մասին հարցումին պատասխանելով` Արիսեան նշած է, որ ան առկայ է օրէնսդիր իշխանութեան օրակարգին վրայ, կոչ ուղղելով աւելի մեծ ներկայութիւն ունենալու հնարաւորութիւններ ստեղծել: