21 Մարտ 2025-ին Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը պատուած է իր նուիրեալ անդամներէն՝ Արա Պալեանին եւ Պերճ Մերճանեանին, վերջերս Թագաւոր Չարլզ 3-րդի թագադրութեան շքանշանը ստանալնուն համար։
Թագաւոր Չարլզ 3-ի թագադրման շքանշանը ոգեկոչման պատիւ է, որ կը ոգեկոչէ 30 հազար նշանաւոր անհատներ, որոնք իրենց համայնքներուն մէջ փոփոխութիւններ բերած են, ոլորտներու մէջ որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն Չարլզ թագաւորին եւ ընդհանրապէս Գանատացիներուն համար ինչպէս՝ ծառայութիւն, միջավայրի պահպանում, կայունութիւն եւ բազմազանութիւն:
«Արեւելք» այս առիթով կը ներկայացնէ ընթերցող հանրութեան Արա Պալեանի խօսքը, արտասանուած Թէքէեան մշակութային միութեան կազմակերպած հաւաքին:
Ստորեւ արտասանուած խօսքը.
«Կ՛ուզէի նախ երախտագիտութիւնս յայտնել Էմանուէլա Լամպրոփուլոսին, մեր անուններուն առաջադրմանը համար: Ան իր այս ազնիւ նախաձեռնութեամբ, մեր համեստ անձերուն շնորհիւ պատուեց նաեւ Գանատայի հայ համայնքը՝ երախտագիտութիւն ցուցաբերելով անոր։ Կ՛ուզեմ սրտանց շնորհաւորել նաև իմ տարիներու ընկերոջս՝ Պերճ Մերճանեանին, որ նաեւ պատիւը ունեցաւ ստանալու այս պատուաբեր մետալը: Պերճը, ինչպէս բոլորիս ծանօթ է՝ իր հերթին, նուիրեալ ծառայող մը եղած է մեր համայնքին ու Գանատային: Շնորհակալ եմ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որոնց ընդմէջէն, մեր գործընկեր անդամակցութեան հետ միասնաբար, վերջին 55 տարիներուն ընթացքին հնարաւորութիւնը ունեցայ ծառայելու թէ Գանատահայ Համայնքին եւ թէ Գանատային:
Ամենակարևորը այստեղ, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ծնողներուս համայնքային ծառայութեան օրինակելի անհատներ ըլլալուն համար: Մայրս՝ համայնքի մէջ կարեւոր դեր ստանցնած՝ Էլիզապէթ թագուհիի անուան յոբելենական ոսկեայ շքանշանի դափնեկիր մըն էր, որ 32 տարիներ շարունակ ներգրաւուած եղած է ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի, եւ ՀԲԸՄ-ի եւ մեր Եկեղեցիի կառոյցին մէջ: Ան որպէս տնօրէն մեր դպրոցին ծառայաց է երկար տարիներ: Ցաւօք ան իր հոգին աւանդեց Օգոստոս 2022-ին:
Կ՛ուզեմ այսօր յիշատակել 1994-ին մեզմէ յաւէտ բաժնուած հօրս՝ որ իր կարգին կարեւոր դեր խաղցած է մեր թերթին՝ «Ապագայ»-ին բարօրութեան եւ Մոնրէալի ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի շարքերուն մէջ:
Երախտագիտութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ քրոջս՝ մեր համայնքային կեանքին մէջ անգնահատելի ներդրում ունենալուն համար: Մարալը մեր դպրոցին վարչական անձնկազմին մաս կազմած է 31 տարիներ: Ան բեմերու ետին շատ յաճախ անսակարկ աշխատանք տարած է մեր համար:
Վերջապէս, կ՛ուզեմ նշել նաեւ դուստրիս՝ տոքթ. Քլոէ Պալեանին, որ իր մանկութենէն անդամ էր ԹՄՄ-ին: Ան տարիներու ընթացքին կազմակերպած, մասնակացած ու գլխաւորած է շարք մը մշակութային ձեռնարկներ: Ան այսօր կը շարունակէ մեր համայնքին ու Գանատային ծառայել իր ընտրած բժշկական մասնագիտութեամբ, մարդկային կեանքեր փրկելու ազնիւ առաքելութեամբ:
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ, մեծ պատիւ է ինծի աշխատիլ բոլորիդ կողքին իմ կեանքի երիտասարդ տարիներէն ի վեր մինչեւ օրս, մարզական, մշակութային, հասարակական եւ քաղաքական դաշտերուն մէջ:
Ինչպէս բոլորս գիտենք, 2025-ը, առանցքային տարի է Գանատայի՝ Քեպեքի և Մոնրէալի համար: Եկէք միասնաբար շարունակենք աջակցիլ մեր սիրելի Գանատային:
Դարձեալ շնորհակալութիւն այս մեծ պատուին համար: Ես հպարտ եմ, որ Գանատահայ եմ»:
--------
Յիշենք, որ Արա Պալեանը եւ Պերճ Մերճանեանը 25 Փետրուար 2025-ին արժանացան Չարլզ 3-րդ թագաւորի թագադրման շքանշանին՝ Գանատայի մէջ իրենց ներդրած աւանդին համար։
Նշենք, որ Թագադրման մետալը կը յիշատակէ Նորին Մեծութիւն Թագաւոր Չարլզ 3-րդին թագադրումը: Մետալը շնորհելը կը տնօրինէ Ռիտոյի սրահի Պատուոյ խորհրդատուն (counsellor), ուր տեղի կ՛ունենայ նաեւ սոյն պատուոյ մետալի շնորհումի արարողակարգը:
Այս շքանշանը առաջին անգամ ներկայացուած է 6 Մայիս 2023-ին, Չարլզ 3-րդ թագաւորին թագադրութեան օրին առիթով: Պէտք է նշել, թէ ըստ օրինի, նշեալ պատուոյ մետալին արժանանալու իրաւասութիւնը ունեցող թեկնածուն պէտք է նշանակալի ներդրում ունեցած ըլլայ Գանատայի մէջ հանրային ծառայութեան, արուեստի, կրթութեան և գիտութեան, բնագաւառներէն մէկուն կամ միւսին մէջ, կամ Գանատայի որոշակի նահանգի, համայնքի, կամ արտերկրի մէջ ակնառու ձեռքբերումներ պէտք է ունեցած ըլլայ, որոնք յաւելեալ վարկ և միջազգային ճանաչում կը բերեն Գանատային: