image

Նախարարուհի Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի այցը՝ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն

 Նախարարուհի Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի այցը՝  ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած կառավարութեան միակ հայ ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան  օրերս այցելած է   Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կեդրոնատեղի եւ  ընդունուած միութեան նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանին կողմէ։

 Այցին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 Ստորեւ այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը։

 

 

Մարտ 28, 2025 - Այսօր յետմիջօրէին, Վեր. Փօլ Հայտօսթեան ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի կառավարութեան Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի: Վերապատուելին մեծ հետաքրքրութեամբ լսեց Տիկին Նախարարի մշակած ծրագիրներուն մասին, բարձր գնահատեց ներկայ կառավարութեան կառուցողական մօտեցումները, եւ ՄԱՀԱԵՄի անունով մաղթեց Տիկին Պայրագտարեանին իմաստութիւն եւ յարատեւութիւն: