image

Թուրքիոյ մէջ շուէտացի լրագրող մը կալանաւորուած է

Թուրքիոյ մէջ շուէտացի լրագրող մը կալանաւորուած է

Անգարայի դատարանը որոշում կայացուցած է կալանաւորելու շուէտացի լրագրող Քայ Եոաքիմ Մետինան՝ Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութեան հետաքննութեան հետ կապուած մեղադրանքով, որ ներկայացուած է 2023-ի յունուարին։

Ըստ Sabah թերթի, լրագրողը բերման ենթարկուած է Իսթանպուլի մէջ, ուր եկած էր ցոյցերը լուսաբանելու։

Հետաքննութիւնը կը վերաբերի 2023-ի յունուար 11-ին Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, երբ քաղաքապետարանի մօտ ցոյց տեղի ունեցած էր Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան կողմնակիցներու մասնակցութեամբ։

Գործով կ՚անցնի 15 կասկածեալ, այդ շարքին՝ Մետինան: Թուրքիա մտնելէ ետք ոստիկանութիւնը անոր բերման ենթարկած է, իսկ դատարանը՝ կալանաւորած։