Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը տարբեր հրաձգային եւ ականանետային զինատեսակներէ հրադադարի ռէժիմը խախտած է շուրջ 65 անգամ, որու ընթացքին հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1200 կրակոց: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ առաւել կեդրոնացած խախտումներ արձանագրուած են արեւելեան (Ակնա) եւ հարաւարեւելեան (Մարտունի) պաշտպանական հատուածներուն մէջ: Միայն Մարտունիի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը արկակոծած է 14 անգամ:
Այս պահի դրութեամբ առաջնագիծի ողջ երկայնքով իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ է: