image

Ֆրանսայի Ծերակոյտին mէջ՝ Միսաք Մանուշեանի nուիրուած hամաժողով

Ֆրանսայի Ծերակոյտին mէջ՝ Միսաք Մանուշեանի nուիրուած hամաժողով

Ֆրանսահայ մշակութային միութեան (UCFAF) նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած է համաժողով մը, նուիրուած՝ Դիմադրութեան շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ՝ Մելինէի, Պանթէոն մուտքի առաջին տարեդարձին, «Կարմիր որմազդ»ի հերոսներու սխրագործութեան, ինչպէս նաեւ՝ Մանուշեան ամոլին օրինակով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական կապերուն եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

1 Մարտին, Ֆրանսահայ մշակութային միութեան (UCFAF) նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով մը, նուիրուած՝ Դիմադրութեան շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ՝ Մելինէի, Պանթէոն մուտքի առաջին տարեդարձին, «Կարմիր որմազդ»ի հերոսներու սխրագործութեան, ինչպէս նաեւ՝ Մանուշեան ամոլին օրինակով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական կապերուն եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն։

Համաժողովը ծայր առաւ բեմադրիչ Խորխէ Ամաթի եւ պատմաբան Տընի Փեշանսքիի հեղինակած «La traque de L’affiche Rouge» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեցին երեք առանձին քննարկումներ, զորս վարեց UCFAF-ի նախագահ Էտմոն Եանըքեան։ 

Միսաք Մանուշեանի եւ «Կարմիր որմազդ»ի անոր զինակից ընկերներու պատմութեան, Միսաք Մանուշեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ըլլալու հանգամանքին եւ Ֆրանսայի ազատագրութեան համար անոր հետագայ հերոսական պայքարին միջեւ կապին մասին առաջին քննարկման ընթացքին, խօսք առին պատմաբան, «Մանուշեան» գիրքի համահեղինակ Տընի Փեշանսքի, Դիմադրութեան շարժումին մասնակցած եւ Միսաք Մանուշեանի խումբի հրամանատար Ժոզէֆ Էփշթայնի որդին՝ Ժորժ Էփշթայն եւ ֆրանսացի հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահէ։

Երկրորդ քննարկումին Դիմադրութեան շարժումին մասնակցողներու, յատկապէս Մանուշեանի խումբի անդամներուն հերոսութեան, յիշողութեան պահպանման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութեան եւ այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն մասին արտայայտուեցան պատմաբան Իվ Պլոնտօ, JAF-ի քարտուղար Օլիվիա Կիրակոսեան եւ «Մանուշեան. կանաչ որմազդ» կազմակերպութեան համանախագահ Փաթրիս Կարօ։

Իսկ երրորդ քննարկումին խօսք առին Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիեռ Ուզուլիաս եւ ծերակուտական Ռեմի Ֆեռօ։

Դեսպան Խաչատրեան բարձր գնահատեց ֆրանսահայկական բարեկամութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման աշխատանքներուն մէջ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի նման հայորդիներու դերակատարութիւնը։

 Համաժողովին ներկայ էին նաեւ Ծերակոյտի անդամներ, հանրային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ղեկավարներ, քաղաքական եւ հանրային գործիչներ, պատմաբաններ, լրագրողներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։