Միացեալ Նահանգները ազատ արձակած է «սայպըր» յանցագործութեան մեղադրանքով պատիժը կրող Ռուսիոյ քաղաքացի Ալեքսանտր Վիննիքը։
Ալեքսանտր Վիննիքի փաստաբան Արքատի Պուխը «Ռիա Նովոստի»-ին յայտնած է, որ ռուսաստանցին օդանաւով ժամանած է Թուրքիա, ուրկէ անոր մէկ այլ թռիչքով ուղարկած են Ռուսիա։
«Մենք թարմացուած տեղեկութիւն ստացած ենք պարոն Վիննիքի գտնուելու վայրի եւ կարգավիճակի վերաբերեալ: Մեզի տեղեկացուցին, որ ան օդանաւով ժամանած է Թուրքիա, ուրկէ անոր մէկ այլ չուերթով ուղարկած են Ռուսիա»,-ըսած է Պուխը։
Ըստ Պուխի՝ առաջիկայ քանի մը ժամուան ընթացքին ան պիտի ժամանէ Մոսկուայի օդակայան։
2017 թուականի յուլիս 25-ին Ալեքսանտր Վիննիքը ձերբակալուած էր Յունաստանի հիւսիսային Խալքիտիքի թերակղզիի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու պահանջով։
Յիշեցնենք, որ երէկ ալ Ռուսիան ազատ արձակած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Մարք Ֆոկելը։