image

Իսրայէլեան ուժերն ազատ արձակած են շուրջ 500 պաղեստինցիներ

Իսրայէլեան ուժերն ազատ արձակած են շուրջ 500 պաղեստինցիներ

Իսրայէլեան ուժերն ազատ արձակած են շուրջ 500 պաղեստինցի բանտարկեալ։ Անոնցմէ 37-ը եղած են Արեւմտեան ափէն, 5-ը՝ Երուսաղէմէն եւ վերադարձուած են Ռամալլա քաղաք։ Եւս 456 բանտարկեալ վերադարձուած է Կազայի հատուած։ Միեւնոյն ժամանակ «Համաս»-ի ռազմական թեւը՝ «ալ-Քասամ»ը, Իսրայէլին վերադարձուցած է 4 պատանդի մարմին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած են արաբական լրատուամիջոցները։

Նշուած է, որ վերադարձուած պաղեստինցի բանտարկեալներու մօտ առկայ եղած են շարք մը հիւանդութիւններ, անոնց մէկ մասը տեղափոխուած է հիւանդանոց։