image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբն անյապաղ պէտք է հեռացուի իր պաշտօնէն. Նէնսի Փելոսի

Թրամբն անյապաղ պէտք է հեռացուի իր պաշտօնէն. Նէնսի Փելոսի

 

Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նէնսի Փելոսին յայտարարած է, որ նախագահ Տանըլտ Թրամբը պէտք է անյապաղ հեռացուի պաշտօնէն` ԱՄՆ պետական պալատի վրայ յարձակումը խրախուսելու գործին մէջ ունեցած իր դերի պատճառով:

Փոխնախագահ Մայք Փենսը պէտք է գործարկէ 25-րդ ուղղումը` Թրամբը անյապաղ հեռացնելու համար, ըսած է ան: «Բացի այդ` Ներկայացուցիչներու պալատը իմպիչմենթի գործընթաց կը սկսի»: «Երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ապստամբութիւն հրահրեց Ամերիկայի դէմ,- ըսած է Փելոսին լրագրողներուն:- ԱՄՆ Քափիթոլիումի պղծումը, որ մեր ամերիկեան ժողովրդավարութեան տաճարն է, եւ բռնութիւնները Քոնկրէսի դէմ սարսափներ են, որոնք նախագահի նախաձեռնութեամբ յաւերժ կարատաւորեն մեր երկրի պատմութիւնը»:

Փելոսին Թրամբի դերը անոր կողմնակիցներու կողմէ Քափիթոլիումի գրոհում որպէս «ապստամբութեան գործողութիւն» որակած է եւ կոչ ըրած Փենսին եւ գրասենեակի միւս անդամներուն միաւորելու ուժերը` Թրամբը պաշտօնանկ ընելու համար` չնայած, որ անոր կարճ ժամանակ մնացած է մինչեւ լիազօրութիւններու աւարտը: «Սա հսկայական կարեւորութեան հրատապութիւն է: Չնայած մնացած է ընդամէնը 13 օր, սակայն որեւէ օր կրնայ սարսափներու շոու դառնալ Ամերիկայի համար»,- աւելցուցած է ան: