Սուրիա- Սուրիոյ մարտերուն մասնկացող քիւրտ զինեալներ յատուկ մարզումներ ստացած են արեւմտեան երկիրներէ: Այս մասին «Ռօյթըրզ»ին յայտնած է, Քոպանիի մէջ գործող քրտական ուժերու պատասխանատու Ճոան Իպրահիմ: Իպրահիմ նաեւ ըսած է, որ այդ մարզումները կատարուած են յատկապէս ամերիկացի պատասխանատուներու վերահսկկողութեամբ: Ըստ Իպրահիմի քրատական ջոկատները յատուկ մարզումներ ստացած են յատկապէս ականուած շէնքերու եւ ինքնաշարժներու հետ վարուելու արդիական եղանակներուն մասին: Նշենք, որ Թուրքիոյ սահմանակից Քոպանի աւանը կը գտնուի քրտական ուժերու տիրապետութեան տակ: