Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամանագիր ստորագրած է, որով կը չեղարկուին Սուրիոյ դէմ գործող տնտեսական պատժամիջոցները։ Այս որոշումը նպատակ ունի դուրս բերել երկիրը միջազգային մէկուսացումէ եւ օգնել պատերազմէն ետք վերականգնման, յայտնած է EuroNews-ը։
Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քերոլայն Լեւիթը յայտարարած է, որ այս քայլը «կ՚աջակցի Սուրիոյ կայունութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհին»։
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտի նախարարութեան ներկայացուցիչ Պրատ Սմիթն ալ նշած է, որ պատժամիջոցներու վերացումն օգտակար պիտի ըլլայ՝ համաշխարհային առեւտուրը զարգացնելու եւ Սուրիոյ մէջ ներդրումներ ներգրաւելու համար, ինչպէս հարեւան երկիրներէն, այնպէս ալ՝ Միացեալ Նահանգներէն։
Տնտեսական պատժամիջոցներու չեղարկման հետ մէկտեղ, երկուշաբթի ստորագրուած հրամանագրով չեղարկուած է նաեւ արտակարգ դրութիւնը, որու մասին կը խօսուէր նախկին նախագահ՝ հանրապետական Ճորճ Պուշ կրտսերի հրամանագրին մէջ։
Սուրիոյ վերաբերեալ նաեւ հինգ այլ նախկին հրամանագրեր եւս չեղարկուած են։
Այնուամենայնիւ, պատժամիջոցներու չեղարկումը չի տարածուիր նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի, անոր բարձրաստիճան օգնականներու, ընտանիքի անդամներու եւ այն պաշտօնեաներու վրայ, որոնք, ըստ փաստերու, խախտած են մարդու իրաւունքները, մասնակցած են թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան կամ ներգրաւուած եղած են Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ծրագրի մէջ։