Ալաուիները (ալաուի, ալեւի, հաւաքական՝ ալաուիթ) իրենց անունը առած կը համարեն Ալի Պըն Ապի Դալէպէն, որ Մուհամմէտ մարգարէի յաջորդող 4-րդ խալիֆան էր։ Սկզբնապէս շիա դաւանանքին մաս կազմած են, բայց յետագային անջատուած են անկէ իբրեւ հերձուած։ Անոնք կը յայտարարեն, թէ կը դաւանին Գուրանը եւ կը յարգեն միւս կրօնները։
Ալաուիները միատարր չեն։ Ալաուիներ կան Մաղրէպի, Եամանի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Սուրիոյ ալաուիները ազգային արմատներով կը տարբերին անոնցմէ. կ’ապրին երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն եւ Աղեքսանդրէթի նախկին սանճաքին մէջ, Լիբանանի հիւսիսէն՝ Աքքարէն մինչեւ Տաւրոսեան լեռնաշղթայ, Որոնդէս գետի ձախ ափէն մինչեւ ծովեզերք։ Ամենէն խիտ ներկայութիւնը ունին ծովադէմի լեռնաշղթային վրայ, որ կը կոչուի ճիպալ Ալաուիին՝ Ալաուիթ լեռներ։
Սուրիոյ ալաուիները իրենք զիրենք կը համարեն երկրի բնիկները․ կայ տեսակէտ, որ անոնք կը սերին քանանացիներէն, իսկ ըստ ուրիշ տեսակէտի մը՝ Սուրիոյ հիթիթներէն։ Ալաուի մտաւորականութիւնը արաբ ազգայնականութեան ու արաբականութեան միութեան գաղափարախօսութեան ջատագով է ու ալաուիները կը համարէ արաբ իսլամներ։ Սա է պաշտօնական տեսակէտը։
Սուրիոյ մէջ ճանչցուած են քանի մը անուններով.
- Նուսէյրիէ՝ կոչուած են Մուհամմէտ պըն Նուսէյրի հետեւութեամբ ու այդպէս կը ճանչցուէին 20-րդ դարէն առաջ։
- Խուսէպիէ՝ իբրեւ հետեւորդները Հուսէյ պըն Համատան Խուսէյպիի։
- Հայտարիէ՝ կ’ապրին Հիւսիսային մեծ գետի երկու կողմերը՝ Լաթաքիոյ շրջան։
- Քիլազիէ՝ կ’ապրին Ճապլէի, Գըրտահայի եւ Թարթուսի կողմերը:
Մուրշիտները կամ մրըշտիները հետեւորդներն են ֆրանսական իշխանութեան ատեն գործող Սուլէյման Մուրշէտի, որուն ուսմունքը ձեւաւորուեցաւ յետ մահու՝ 1951-ին, մուրշիտները կը դաւանին «այն կրօնքը, որ զիրենք կ’ազատէ կրօնքէն»։ Անոնք չունին կրօնական տօներ, բայց ամեն տարի Օգոստոս 25-ին կը կազմակերպեն համաժողովրդական տօնախմբութիւն, զոր կը կոչեն «Որախութիւն Աստուծմով» ("الفرح بالله"):
***
Ալաուի անունը ընդհանրացաւ 19-րդ դարէն ետք՝ իբրեւ ընդհանուր անուն ։
Լաթաքիոյ շրջանին մէջ թուրքմէն կալուածատէրերու կողմէ ալաուիները կը կոչուէին ֆելլահներ՝ հողագործներ, որովհետեւ անոնք մարապա (քառորդով աշխատող) էին իրենց կալուածներուն մէջ ու կը զբաղէին հողագործութեամբ:
Անտիոքի շրջանի հայերը ալաուիներուն կու տան թաթ անուանումը։ Թաթ անունը կը գտնենք նաեւ ուրիշ տեղ. կը տրուի պարսկալեզու ժողովրդի մը, որ մեծամասնութեամբ կ’ապրի Ատրպէյճան, մասամբ Տաղստան եւ Իրան։ Թաթերը կը պատկանին շիա դաւանանքին, բայց կան նաեւ յունադաւան եւ հայադաւան թաթեր։ Վերջինները կը կոչուին նաեւ հայախօս թաթեր։
Հիմա դժուար է պատասխանել, թէ Անտիոքի հայերը ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ ալաուիները թաթ կը կոչեն, եւ թէ բառը ուրկէ՛ կու գայ տեղւոյն հայ բարբառներուն։ Բառը համեմատութեամբ կը տրուի նաեւ որեւէ մէկուն, որ չարքաշ, առանց ինքզինքին խնայելու կ’աշխատի. կ’ըսուի «Ընտըզ թաթ հայ դատա» (թաթի պէս կ’աշխատի). անակ ածանցով մակբայ կը շինէ «թաթընուօկ հայ դատա» (թաթի պէս կ’աշխատի) կամ կը գործածեն որեւէ վարմունք, տարազ, հաւատամք եւ աշխատանքի ձեւ օտարելու համար. «թաթընուօկ» կ’ըսեն, այսինքն՝ թաթավարի, թաթերու յատուկ (1) ։
Օսմանեան իշխանութեան ատեն պաշտօնապէս ընդունուած ինքնութենէ զուրկ էր ալաուի տարրը, որ չունէր նոյնիսկ «միլլէթ»ի կարգավիճակ, ինչպէս ունէին իսլամ, հրեայ եւ քրիստոնեայ դաւանանքները իրենց բոլոր յարանուանութիւններով։ Անոնք մերժուած էին սիւննիներէն, իսկ շիիները հաշտ չէին ընդուներ ալաուիներու տօնակատարութիւնները, որոնց մէջ կը տեսնէին հեթանոսական եւ քրիստոնէական տարրեր։
Ալաուիները կ’ապրէին գլխաւորաբար գիւղական շրջաններու մէջ։ Անոնք հանդերձ ընտանեօք իբրեւ մարապա կ’աշխատէին ուրիշի կալուածներուն մէջ։ Այդ կալուածատէրերը կը կոչուէին աղա, իսկ հայոց կողմէ՝ պէ’րուն (պարոն)։ Նոյնպիսի վիճակ ունէր հայ գիւղացիութեան մէկ մասը։
(1) Արսէն Յակոբեանը կը գրէ․ «Թուրքական-օղուզական (սելջուկներ, մոնղոլ-թաթարներ) ցեղերի արշավանքների, ներթափանցումների հետևանքով, հավանաբար 11-13-րդ դդ արդեն Արևելյան Այսրկովկասում սկսեց կիրառվել «թաթ» անվանումը՝ որպես տեղական նստակյաց իրանական բնակչությանը տրվող անուն» (Ա. Հակոբյան, Թաթախոս հայեր. պատմաազգագրական ուսումնասիրություն, թեկնածուական ատենախոսություն, Երևան, 2002, էջ 45): Կը վկայակոչէ, թէ «Բառը ունի թյուրքական-օղուզական ծագում, սոցիալական նվաստացուցիչ իմաստ, տրվել է քոչվոր թյուրք-օղուզական ցեղերի կողմից տեղական, գլխավորապես իրանական, նստակյաց բնակչությանը՝ որպես «հպատակ», «ենթակա», «օտար» իմաստներով: Այդ տերմինի կիրառումն ու տարածումը անմիջականորեն կապված է թյուրքական ցեղերի արշավանքների, տիրապետության հետ և այդ իմաստով տարածված է եղել Միջին Ասիայում, Այսրկովկասում, Ղրիմում, Փոքր Ասիայում :