image

Սուրիոյ ուղղութեամբ թրքական որեւէ ներխուժման փորձ «հէքիաթային պտոյտ» պիտի չըլլայ

Սուրիոյ  ուղղութեամբ թրքական  որեւէ ներխուժման փորձ «հէքիաթային պտոյտ» պիտի չըլլայ

Վերջին տուեալներս կը խօսին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին ուղղութեամբ թրքական ռազմական գործողութեան հաւանականութեան բարձրաձման մասին։ Մինչ մէկ կողմէ ԱՄՆ «կանաչ լոյս» տուած է այս գործողության համար,միւս կողմէ շրջան կը հասնին Ամերիկեան բանակի զինուած ստորաբաժանումներ... Դեռ պարզ չէ, թէ ինչ ընթացք կը ստանան զինուորական գործողութիւնները, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Անգարայի համար այս նոր ներխուժումը «գունաւոր հէքիաթ»ի մը երանգներն ունեցող «պտոյտ» պիտի չըլլայ։ Քիւրտերը, ինչպէս ընդունուած է ըսել զինուած են մինչեւ իրենց ատամները եւ պատրաստ չեն ոչ մէկ զիջումի։ Իմ համար աւելի քան կարեւոր է, թէ պաշտօնական Դամասկոսը ինչ արձագանգ կ՚ունենայ ըլլալիքին, մանաւանդ որ եւ նախագահ Ասատ ու անեւ Սուրիոյ քաղաքական վերնախաւը տարբեր առիթներով թրքական քայլերը համարած են բռնազաւթում ու նաեւ միջազգային բոլոր նորմերու ոտնակոխում։ Քիչ առաջ ես խօսած եմ Թէլ Ապիատ, ուր քրտական ուժեր յայտնուած են ռազմական պատրաստուածութեան վերին աստիճանի պատրաստ վիճակի մը մէջ ե ու նաեւ պատրաստ են ամէն տեսակի սցենարներու։ Ի դէպ ՄԱԿ-ն իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, յայտարարելով, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին ուղղութեամբ ռազմական ցանկացած գործողությունը պատճառ պիտի դառնայ տարբեր մակարդակի օրհասներու։ Հետեւինք զարգացումներուն։ (Լուրին հետ տեղադրուած լուսանկարը երէկ Սուրիա մեկնող ամերիկեան զօրամիաւորումի մը պատկերն է, որուն մասին ալ ԱՄՆ ԱԳ-ն հաղորդագրութիւն հրապարակած է, նշելով, թէ իրենք պիտի շարունակեն նեցուկ կանգնիլ իրենց քիւրտ դաշնակիցներուն)։